ԵՐԵՒԱՆ.- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնն ու Երեւանի Պետական համալսարանը այս տարուան 23 Սեպտեմբերին կը նախատեսեն կազմակերպել միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած արձակագիր, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Կարապենցի։
Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն գիտական արդիական չափանիշներով քննելու եւ արժեւորելու Յակոբ Կարապենցի գրական ժառանգութիւնը ու հասարակական գործունէութիւնը:
Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ գիտնականներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Զեկուցումներուն յայտերը եւ զեկոյցները կ՛ընդունուին մինչեւ 15 Օգոստոս։
Յայտերը ներկայացնել.
Համազգայինի գրասենեակը`Մաշտոցի 37/14, հեռ. + (374) 10 53 39 49,
ել հասցէ.՝ hayastan@hamazkayin.com,
ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունք`Աբովեան 52ա,
հեռ. + (374) 60 71 06 24, ել. հասցէ.՝ armphilology@ysu.am: