ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Եւրոպական խորհրդարանի` սուրիական տագնապին վերաբերեալ 11 Մարտի բանաձեւը յստակօրէն կը հաստատէ, թէ Թուրքիա Սուրիայէն վարձկաններ Արցախ փոխադրած է:
«Ըստ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` Թուրքիա սուրիացի վարձկանները տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ: Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` իր զօրքերը դուրս բերելու Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն, զոր անիկա ապօրինաբար բռնագրաւած է… կը դատապարտենք Թուրքիոյ մէջ սուրիացի քիւրտերու ձերբակալութիւնները եւ դատապարտումները… մտահոգութիւն կը յայտնենք, որ թրքական զօրքերու տեղաշարժը կրնայ պատճառ հանդիսանալ քիւրտերու ցեղային զտումներու, կ՛ընդգծենք, որ Թուրքիոյ ապօրինի ներխուժումը եւ բռնագրաւումը կը վտանգեն Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաղութիւնը: Կտրուկ կերպով կը քննադատենք Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու օգտագործումը Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչ որ միջազգային օրէնքի արժեչափերու խախտում է», կը նշուի բանաձեւին մէջ: