ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցնող շաբաթավերջին, Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը Լոս Անճելըսի ազգային անտառին մէջ յայտնաբերեց 37ամեայ Նարինէ Աւագեանի դիակը։
Ըստ անոր ընտանիքին՝ Նարինէն 7 Մարտին, միօրեայ լեռնագնացութեան համար տունէն հեռացած էր եւ երբ չէր վերադարձած, 8 Մարտին լուր տրուած էր ոստիկանութեան, որ մօտաւորապէս շաբաթ մը փնտռուքներու դիմեց։ Նախնական տուեալներուն համաձայն՝ Աւագեան բնական մահով մահացած է։ Կը կարծուի, որ վերջերս շրջանին մէջ տեղացած ձիւնը եւ անձրեւները անոր մահուան պատճառը եղած են։
Նարինէին ինքնաշարժը 6700 ոտք բարձութեան վրայ գտնուած էր անցալ Հինգշաբթի օր։