ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը արեւելեան Սուրիոյ մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող ենթակառոյցներու դէմ օդային հարուած հասցուց անցեալ շաբաթ:
«Այս հարուածներուն արտօնութիւն տրուեցաւ՝ իբրեւ պատասխան Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու եւ միջազգային դաշինքի անդամներուն դէմ վերջին յարձակումներուն», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին՝ ամերիկեան ռմբաձիգներու՝ Իրաքի հետ սահմանին գտնուող դիրքերու վրայ կատարած գիշերային յարձակումներուն ընթացքին իրանամէտ առնուազն 17 զինեալեալներ սպաննուեցան:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի Միջազգային յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան վարմունքը կրնայ շրջանին մէջ կացութեան վատթարացման եւ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան տապալումին յանգեցնել:
Ան յայտնեց, որ Պաղտատի յարձակումին տուեալները բնաւ յստակ չեն, եւ անոր պատասխանատուն յայտնաբերելը ոչ-հաւաստի կերպով կատարուեցաւ: «Միացեալ Նահանգները անգամ մը եւս ինքիրեն իրաւունք կու տայ դատարանէն դուրս եւ առանց միջազգային օրէնքի կանոնները եւ սկզբունքները յարգելու հետաքննութիւն կատարելու, վճիռ արձակելու եւ զայն գործադրելու»:
Իրան եւ Սուրիա եւս դատապարտեցին ամերիկեան յարձակումը: