ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմէնիա», «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ մտահոգ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններով: «Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ՝ գործելու խաղաղ կերպով, յարգելով ԵԱՀԿի յանձնառութիւններու շրջանակին մէջ ամրագրուած ժողովրդավարական հոլովոյթները եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Իրավիճակը պէտք է հանդարտի առանց բռնութեան», ըսաւ Լինտէ:
Իր կարգին, ՆԱԹՕի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օանա Լունկեսքու «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կ՛ընդգծէ, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին սահմանադրութեան ծիրին մէջ եւ խաղաղ ճամբով: Ան կողմերուն կոչ ըրաւ՝ զերծ մնալու արտայայտութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան լարուածութիւնը աւելիով սրել: «Որեւէ քաղաքական տարակարծութիւն պէտք է լուծուի խաղաղ եւ ժողովրդավարական ճամբով` Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխան», եզրակացուց ան:
Նաեւ, Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ Հայաստանի բոլոր կողմերուն «զսպուածութեան, հանդարտութեան ու պատասխանատուութեան» կոչ կատարեց՝ աւելցնելով, որ բոլոր քաղաքական տարալարծութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ միջոցներով, բանակցութիւններու սեղանին շուրջ` «հասարակութեան քաղաքացիական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եւ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներուն համապատասխան»: