ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԱՅԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ
Թուրք-հայկական պատերազմի վճռական վայրերէն էր նաեւ Ղարաքիլիսայի ճակատը: Ալեքսանդրապոլի անկումէն յետոյ, թրքական զօրամասը Մայիսի 20ին գրաւեց Ճաճուռը, Աղբուլաղը (Լուսաղբիւր), Ղալթախճին (Հարթագիւղ), իսկ Մայիս 21ին՝ Տաշիրը: Մայիս 22ին հայկական բանակի հրամանատար Թովմաս Նազարբեկեան եւ սպայակոյտը տեղափոխուեցան Դիլիջան: Ստեփանաւան մօտ, Մայիսի 21-22ի մարտերէն յետոյ, Անդրանիկի ջոկատը հաստատուեցաւ Դսեղ գիւղը եւ յետագայ գործողութիւններուն չմասնակցեցաւ: Հրամանատար Նազարբեկեանի հրամանով, գնդապետ Աթաբեկ Բէյ Մամիկոնեան եւ 2 լեռնային մարտկոցներ փոխադրուեցան Շահալի (Վահագնի), իսկ մնացեալները կեդրոնացած են Դիլիջանի մօտ: Հայկական զօրքը ունեցած է 6000 զինուոր, 10 հրանօթ եւ մօտ 20 գնդացիր, իսկ թրքական զօրքը՝ 10,000 զինուոր, 70 հրանօթ եւ 40 գնդացիր: Ճակատամարտին մասնակցած է Գարեգին Նժդեհը՝ իր 100 հեծեալներու գունդով: Հայկական ուժերը հիմնական հարուածներ հասցուցած են թրքական ուժերուն Ղշլաղ (Դարպաս) գիւղին մօտ, Բզովդայի մատոյցներուն եւ Մայմեխ լերան լանջերուն: Մարտերու ընթացքին աչքի ինկած են գնդապետ Նիկոլա Ղորղանեանի զօրամասը, մինչ հերոսաբար զոհուած են Գուրգէն Տէր Մովսէսեանի հրետանիի զինուորները եւ ուրիշներ: Հայերը կրած են զգալի կորուստներ, սակայն անոնք անցած են հակայարձակումի եւ Մայիս 30ին խուժած են Ղարաքիլիսա:
Յետագային հայկական ուժերը հակադրուած նահանջած են Դիլիջան: Ղարաքիլիսա եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կոտորած են հայ բնակչութիւնը «շուրջ 5000 մարդ» եւ քանդած բնակավայրեր: Ղարաքլիլիսայի ճակատամարտին մեծ կորուստներ պատճառելով հակառակորդին՝ կասեցուած է անոր գերակշիռ զօրքի յառաջխաղացքը դէպի Դիլիջան եւ Թիֆլիս:
Մայիսեան հերոսամարտերը ձախողեցուցին հայերուն վերջնականապէս բնաջնջելու երիտթուրքերու ծրագիրը եւ անոնց շնորհիւ արեւելեան Հայաստանի մէջ վերականգնուեցաւ հայկական պետականութիւնը. 1918 Մայիս 28ին հռչակուած է Հայաստանի Ա․ Հանրապետութիւնը եւ դրուած է ամբողջական հայրենիքի վերականգման ճանապարհի սկիզբը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄ
Հայաստանի Ա․ Հանրապետութիւնը կը հանդիսանայ Արամ Մանուկեանի պետական գործունէութեան երրորդ փուլը: 1918 Մայիս 30ին, Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը ինքզինք հռչակած էր նորանկախ Հայաստանի գերագոյն իշխանութիւն:
Պետական իշխանութեան ու ժողովուրդի ճակատագրին տէր կանգնելով, Արամ Մանուկեան անմիջապէս սկսաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմքերը դնելու գործին: 1918ի Յունիսի կէսերուն, Արամը նախաձեռնեց Հայաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան՝ Երեւանի Ազգային խորհուրդի վարչութեան ստեղծման, ըլլալով անոր նախագահը եւ զինուորական բաժինի վարիչ:
Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ գործող Երեւանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ կ՛ըլլայ ռազմական, վարչական, ընկերային տնտեսական ու այլ հրատապ հարցերու լուծման: Պետականաշինութեան այդ բարդ ժամանակաշրջանին մէջ, լրատուութեան կարեւորութեան գիտակցելով, Յունիս 23ին կ՛որոշուի հիմնել պետական թերթ՝ «Երեւանի Ազգային Խորհուրդի Լրատու»ն:
Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ, Յուլիս 20ին Երեւան կը ժամանէ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութիւնը:
Նոր կառավարութեան մէջ Մանուկեանը ներքին գործերու նախարար էր եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ իր մահը, իսկ աշխատանքի ու խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն յետոյ, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի պաշտօնակատարութիւնը կը շարունակէ Արամը: Արամն էր, որ փաստօրէն կը կառավարեր երկիրը: Իբրեւ լիազօր Ազգային խորհուրդին՝ ան կազմակերպած էր վարչութիւններ կառավարութեան եւ խորհուրդին մէջ:
Ուրեմն, 1915ի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարելու եւ անոր յաղթական աւարտէն ետք Վանի նահանգապետ նշանակուելու կողքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Արամ Մանուկեան եղած է Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան ականաւոր պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, ներքին գործերու նախարար: Ան եղած է Վասպուրականի հայութեան ամենաճանչցուած եւ սիրուած գործիչը:
Ըստ իր ժամանակակիցներուն՝ Արամ Մանուկեանը իր նախաձեռնութիւններուն անձնական շահախնդրութիւն երբեք չէ հետապնդած: Ան ապրած է հասարակ երեւանցիի նման: Ան ամենօրեայ անմիջական շփումներու մէջ եղած է իր ժողովուրդին հետ: Արամ եղած է իրատես ու շրջահայեաց, նպատակասլաց ու հետեւողական։ Կազմակերպական բացառիկ ձիրք, անկոտրում կամք եւ իր ժողովուրդի ճակատագրի հանդէպ մեծագոյն պատասխանատուութիւն ունեցող քաղաքական գործիչը, հայ քաղաքական գործիչներու փաղանգին առաջիններէն եղած է, որ հասկցաւ՝ հայը իր պայքարին յոյսը պէտք է դնէ բացառապէս իր ուժերուն վրայ: Ան նաեւ, որպէս նախարար, եղած է իր ժողովուրդի սիրելին:
Դեռեւս Վանի մէջ, երբ անոր կ՛այցելէ ընկերը՝ ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Յետագային Ռուբէն կը գրէ․ «Չորս պատ, չորս աթոռ, ոչ սեղան, ոչ էլ մահճակալ»: Ժամանակակիցները կը պատմեն, որ նոյնքան անշուք եղած է անոր Երեւանի բնակարանը, իսկ երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն ըրած են, ան պատասխանած է՝ «Դատարկ բաներով մի մտահոգուիք:»
Արամ Մանուկեան ամուսնացած էր Հայաստանի առաջին խորհրդարանի 2րդ գումարման պատգամաւոր՝ բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանի հետ․ ունեցած են մէկ դուստր՝ Սեդա անունով:
Հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակն ու ազգային հերոսը կը մահանայ բծաւոր տիֆէն 1919ի Յունուար 29ին, երիտասարդ տարիքին, հազիւ քառասուն գարուններ բոլորած: Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութիւնը իսկական համաժողովրդային սուգի վերածուած է: Հանրապետութեան հիմնադիրին յուղարկաւորութեան ժամանակ, Նիկոլ Աղբալեանը արցունքն աչքերուն ըսած է իր պատմական խօսքը․ «Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք՝ արդեօք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը»:
ՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄԻ ՄԱՍԻՆ
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ. «Վանը բոլորի յիշողութեան մէջն է, Արամը հանդիսացաւ հայու հերոսական ոգին՝ փրկելով անոր ռազմական պատիւը: Երեւանը վկայ էր այն հզօր ուժին, որ կար ու կ՛ապրեր անոր մէջ, որ կազմակերպեց դիմադրութեան ուժը եւ այդ դիմադրութեան շնորհիւ կարողացաւ հիմք դնել Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան»:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ. «Կար ահաւոր վտանգը, որ ոչնչացում կը սպառնար Վասպուրականի հայութեան: Սակայն փառք բախտին, կար ու պիտի յայտնուէր Արամը: Եւ առաջնորդի իմաստութիւնը, միացած վասպուրականցիի հերոսականութեան՝ հրեղէն պատնէշ պիտի կանգներ Վանի շուրջ»:
ԶՕՐԱՎԱՐ Մ. ՍԻԼԻԿԵԱՆ. «Դժգոհները չէն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչէն, կը համոզուէին, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին: Եւ ինչու եմ հրաժարւում, որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում»: