ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կոչին ընդառաջելով, 23 Փետրուարին քաղաքացիներ հաւաքուեցան Հայաստանի կառավարական 3րդ մասնաշէնքին առջեւ` խոչընդոտելու վարչապետ Փաշինեանի շէնքը մտնելը: Իշխանութիւնները կանուխ առաւօտուն փակած էին ամբողջ տարածքը քանի մը հազար ոստիկաններով` այսպիսով փորձելով ապահովել Փաշինեանի անխափան մուտքը կառավարական 3րդ շէնքը:
Յայտարարուած շարժումը պիտի սկսէր ժամը 11.30ին, սակայն անկէ 30 վայրկեան առաջ արդէն իսկ ոստիկանական զօրքերը պատ կազմած էին:
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ ոստիկաններու այս թիւը աննախադէպ է: «Շատ ողբերգական վիճակ է. յիշո՞ւմ էք հեծանիւով աշխատանքի գնացող Նիկոլ Փաշինեանին: Իսկ այսօր` 2.5 տարի յետոյ, 1000աւոր ոստիկաններ հսկում են նոյն մարդուն: Եւ հիմա հարց է առաջանում` իշխանականներ, այդ դո՞ւք էք խօսում հանրային վստահութիւնից, ձեր միակ յենարանը ոստիկանութիւնն է, որ կենտրոնացրել էք Երեւանում 200 մետր քայլելու համար: Այսպէս շարունակուելու է ամէն օր: Ամէն օր իրենք առերեսուելու են իրականութեանը, որպէսզի հասկանան, թէ ինչ աւեր են գործել մեր երկրում: Ամէն անկիւնում 100աւոր քաղաքացիներ հաւաքուած են ու չեն կարողանում գնալ աշխատանքի»։
«Թուրք», «Դաւաճան» վանկարկումներու ներքոյ Նիկոլ Փաշինեան մտաւ կառավարական 3րդ մասնաշէնքը: Ոստիկանները չափազանցուած ուժ կիրարկելով եւ հրմշտկելով քաղաքացիները՝ ձերբակալեցին անոնցմէ բազմաթիւ անձեր: Անոնց կարգին էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Գերասիմ Վարդանեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութենէն Բաբգէն Յարութիւնեան:
Ոստիկանները փորձեցին բռնի ուժով ձերբակալել ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, որ կրցաւ ազատիլ եւ հեռանալ ցոյցի տարածքէն, սակայն ոստիկանները հետապնդեցին եւ դարձեալ փորձեցին ձերբակալել զայն, սակայն չյաջողեցան։
«Քանի ես շնչում եմ՝ կա՛մ բանտ, կա՛մ ազատութիւն», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որուն դէմքէն կը հոսէր արիւն՝ ոստիկաններու հարուածներէն յառաջացած։
«Ոչ մի վնասուածք էլ չեմ ստացել, գլուխները պատին են տուել, էս խուժանութիւն է, սրանք թուրք են, սրանք հայ չեն։ Թող գնային թուրքերի դէմ կռուէին, ոչ թէ սեփական ժողովրդի։ Ես խոստանում եմ՝ Նիկոլին օր ու արեւ չեմ տալու», յայտարարեց ան՝ դիտել տալով, որ բոլոր յանցագործները պատասխան պիտի տան, Նիկոլը տուն պիտի երթայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս երկիրը փրկել բռնապետութենէ:
Կառավարութեան մասնաշէնքերուն մօտէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 57 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան։
Ժամեր ետք Փաշինեան դուրս եկաւ կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքէն՝ անվտանգութեան մեծաթիւ աշխատակիցներու ընկերակցութեամբ, իսկ քաղաքացիները կը վանկարկէին «Դաւաճա՛ն, հեռացի՛ր», «Հողատու»:
Ցոյցի աւարտէն ետք «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը հրապարակեց ոստիկանութեան բռնութիւններուն եւ կատարած ձերբակալութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Հայրենիքին դաւաճանածի, թուրքի առաջ ծնկի եկածի վերջին յոյսը նրա հլու կամակատար, ոստիկանի կոչումն ու համազգեստն արատաւորող, օրէնքն ու Սահմանադրութիւնը ոտնատակ տուած մի խումբ յանցագործների վրայ է: Տապալելով սահմանադրական կարգը, ոտնահարելով մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտում միջազգային պարտաւորութիւններն ու հեղինակազրկելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ոստիկանապետութեան ձգտող գլխաւոր յանցագործը խուճապի մէջ է: Բոլոր յանցագործներն անխուսափելիօրէն պատժուելու են»:
Յայտարարութեան մէջ տարակուսելի կը նկատուի իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան բնութագիրն աղաւաղող, մարդու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման աղաղակող փաստերու վերաբերեալ միջազգային կազմակերպութիւններու լռութիւնը, երբ անոնց պարտաւորութիւնն է հետեւիլ եւ գնահատել իշխանութիւններուն վարքագիծը:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին: Տէ՛ր կանգնենք մեր իրաւունքներին, անհատական եւ հաւաքական գործողութիւններով հեռացնենք պետականութեան այս սպառնալիքին եւ հաստատենք ազգային իշխանութիւն:
«Կոչ ենք ուղղում զինուած ուժերի, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան, Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ այլ պետական կառոյցներում աշխատող հայրենասէր եւ օրինապաշտ քաղաքացիներին՝ տէ՛ր կանգնեք հայ ժողովրդին տուած ձեր երդմանը, պաշտպանե՛ք հայրենիքը յանցագործ իշխանութիւններից, հրաժարուէ՛ք նրանց ապօրինի ցուցումների կատարումից, կանխէ՛ք պետական ահաբեկչութիւնը», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի նախաձեռնութեամբ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով 23 Փետրուարի երեկոյեան Արամ Մանուկեանի արձանին մօտէն սկսաւ անհնազանդութեան երթ` դէպի դատախազութեան, ապա ոստիկանութեան շէնքը: Երթին մասնակցող բազմահազար քաղաքացիներ կը գոչէին «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Քաղաքացիները պատշգամներէն կ՛ողջունէին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները: Երթին մասնակցողները պարերաբար կոչ կ՛ուղղէին անոնց՝ իջնելու եւ միանալու երթին, «ո՛չ» ըսելու Նիկոլին։ Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով ողջունեցին երթին մասնակցողները, որոնց կարգին էին նաեւ զոհուած զինուորներու ծնողներ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան երթին ընթացքին յայտարարեց, որ դէպի դատախազութիւն երթը չեղեալ կը յատարարուի, եւ երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի ԱԱԾի շէնքը, ապա՝ ոստիկանութիւն։ Ան հաստատեց, թէ պիտի չարտօնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան, յենելով ոստիկանութեան, Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն հաստատէ, առ այդ, ան դիմեց ոստիկանութեան՝ ուշքի գալու, ժողովուրդին կողքին կանգնելու, չկատարելու ապօրինի հրահանգները եւ փրկելու երկիրը։
Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ եւ անհատներ:
Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով` քաղաքացիները քայլերթով հասան ոստիկանութեան շէնքը, ուր բազմաթիւ ոստիկանական ուժեր կային. երթին մասնակցողները վանկարկեցին` «Նիկոլ դաւաճան»։
Ոստիկանութեան շէնքին մօտ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին առջեւ:
Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, դիմելով ոստիկաններուն` ըսաւ, որ ոստիկաններուն կողմէ նոյն օրը առաւօտեան բանեցուած դաժան ճնշումները աննախընթաց էին։
Քաղաքացիները ապա երթով հասան ԱԱԾի շէնքին մօտ, ուր կոչ ուղղուեցաւ ոստիկանութեան՝ խնայելու իրենք իրենց ու իրենց սպայի պատիւը, տէր կանգնելու իրենց առաքելութեան։
Անկէ ետք երթին մասնակցողները հասան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Հինգշաբթի օրը տեղի պիտի ունենան ինքնաշարժներով երթեր, իսկ 24 Փետրուարի շարժումներուն բնոյթը եւ վայրերը անակնկալ են:
Երթին զուգահեռ, Երեւանի կարգ մը փողոցներու մէջ տեղի ունեցան անհնազանդութեան շարժումներ, երբ ՀՅԴի երիտասարդները աղբամաններով եւ նստարաններով փակեցին Խանճեան փողոցը` կաթուածահար ընելով երթեւեկը: