ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 14 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Տեառնընդառաջի առիթով իր առաջնորդական առաջին Ս. պատարագը մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ։ Ան իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ իմաստութիւնը տուաւ մեզի, որպէսզի այսօր բոլորս մեր քայլերը առաջնորդենք դէպի Իր սուրբ տաճարը եւ միասնաբար կանգնինք Իր օրհնեալ ներկայութեան առջեւ»:
Խօսելով Աստուծոյ եւ աշխարհի բաժիններուն մասին՝ սրբազան հայրը բացատրեց. «Մենք ընդհանրապէս ճիշդ՝ երբեմն ալ սխալ կերպով աշխարհի բաժինը կու տանք աշխարհին, իսկ երբ կարգը կը հասնի Աստուծոյ բաժինը տալու, կ՛ըլլանք ժլատ»՝ նկատել տալով, որ մարդիկ իրենց աշխարհիկ, մարմնական, անցողիկ հաճոյքներուն աւելի առատօրէն կու տան իրենք զիրենք եւ իրենց ունեցածը՝ «իրաւունքս է, ես ալ մարդ եմ», ըսելով, բայց երբ ժամանակը գայ, որ մարդ իր ինքնութենէն, իր ունեցածէն եւ իր ժամերէն բաժին հանէ Աստուծոյ, կը դժուարանայ նոյն վերաբերումը ցոյց տալու, ապա առաջնորդը հաստատեց, որ Աստուծոյ բաժինը մարդ միայն իր հոգիէն ու սիրտէն կրնայ տալ, այսինքն՝ առաքինի կեանք վարել, բարիք գործել եւ իր նմանը ուրախացնել՝ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհներէն բաժին հանելով իր եղբօր, հարազատին կամ կարիքաւորին, որբին ու անտէրին, «միայն այն ատեն է, որ պատրաստ պիտի ըլլանք տեսնելու աստուածային այն լոյսը, որ այսօր կը ճառագայթէ Ս. Խաչ Մայր տաճարի այս օրհնեալ խորանէն եւ կու գայ լեցնելու մեր հոգին աննիւթական շնորհներով»:
«Երբեմն խաւարը, մեղքը, մոլութիւնը տեղ կը գտնեն մեր կեանքին մէջ եւ մենք այնքան կը վարժուինք անոնց, որ կը կարծենք, թէ անոնք են լոյսը: Բայց երբ հաւատքով զօրանանք եւ պատրաստ ըլլանք դէմ դիմաց կանգնելու Աստուծոյ հետ, այն ատեն կը նկատենք, թէ մինչ այդ խաւարի մէջ ապրեր ենք, որովհետեւ լոյսը բարիի՛ն ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Հոգիին մէջ լոյս ունեցողը կրնայ խաւարը, մեղքն ու մոլութիւնը հեռացնել իրմէ՝ պարզապէս ըսելով. «Ես ձեզի չեմ պատկանիր, ես Աստուծոյ կը պատկանիմ», նշեց առաջնորդը եւ թելադրեց ըլլալ լոյս ու բարութիւն կրողներ, որոնք աստղերու պէս պիտի փայլին իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան` իրենց լոյսը ստանալով «Արեւ Յիսուս»էն:
Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման Տեառնընդառաջի տօնը պարզաբանելով՝ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Աստուած Ս. Կոյս Մարիամի ճամբով իր Միածինը ղրկեց աշխարհ՝ աւելցնելով, որ Մարիամի եւ Յովսէփի օրինակով, «մեր ծնողները Աստուծոյ եւ մեր միջեւ կեցած միջնորդներ են, որոնց պարտականութիւնն է զԱստուած ճանչցնել իրենց զաւակներուն» եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ողջունելով Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, «որ անցնող շուրջ 30 տարիներուն ընթացքին իր աշխատասիրութեամբ, իր գործերով, իր ինքնընծայումով՝ եզակի տեղ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի՝ յատկապէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրական գործին մէջ»:
Սրբազանը յաջորդաբար ողջունեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը, Հոգաբարձութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանը, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, ազգային երեսփոխանները, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովանիին տակ գործող մարմինները, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, պաշտօնէութիւնն ու շրջանակը, եկեղեցւոյ դպիրներն ու սարկաւագները, ինչպէս նաեւ համայնքի բոլոր բարերարներն ու նուիրեալները եւ բարձր գնահատեց բոլորին աջակցութիւնը յանուն եկեղեցւոյ պայծառացման՝ մաղթելով, որ մարդոց մէջ շատնայ աստուածային սէրը, իսկ աշխարհի վրայ՝ բարութիւնը:
Պատարագի աւարտին ներկաները առաջնորդուեցան «Բաղրամեան» սրահ եւ իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին առաջնորդին:
Յայտնենք, որ Շաբաթ, 13 Փետրուարին, սրբազանը հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան Արեւմտեան թեմի հոգեւոր հայրերը, սարկաւագներ ու դպիրներ, հաւատքի հզօրացման եւ երկնային օրհնութիւն ստանալու աղօթական ջերմեռանդութեամբ: