ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Փետրուարին ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերու նախարար Ուենտի Մորթընը:
Ողջունելով նախարար Մորթընի աշխատանքային այցելութիւնը Հայաստան` նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ երկու երկիրները փոխգործակցութեան զարգացման մեծ ներուժ ունին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին եւ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը` ղարաբաղեան հիմնահարց վերջնական եւ մնայուն կարգաւորման հարցին մէջ:
Ի շարս շարք մը առաջնային, որոնց կարգին մարդասիրական հարցերու, նախագահ Սարգսեան առանցքային նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձի հարցը: Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին յառաջացած շարք մը հարցերու: