ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը Երուսաղէմի հարցը կը նկատէ մէկ մասը Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով գոյանալիք վերջնական լուծումին: «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պիտի պահանջէ երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով լուծում մը, եւ այդ առումով երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ամերիկեան քաղաքականութիւնը չէ փոխուած», ըսաւ Փրայս՝ աւելցնելով. «Խօսեցանք պաղեստինցիներուն, որոնց շարքին գաղթականներուն, օժանդակութիւն տրամադրելու մեր մտադրութեան մասին, եւ մենք այժմ աշխատանք կը տանինք ամերիկեան օրէնքին եւ մեր շահերուն համահունչ օժանդակութիւններու մատակարարումը շարունակելու, եւ այդ կախեալ պիտի ըլլայ մեր արժեչափերէն ու շահերէն: Կը կարծենք, որ կարեւոր է ետ կանգնիլ միակողմանի քայլերէ, որոնք լարուածութեան կը յանգեցնեն եւ կ՛ականահարեն երկու պետութիւններուն բանակցութիւններու վերականգնման ջանքերը. այդ քայլերուն շարքին կրնան ըլլալ հողերու կցումը, բնակեցման վայրերու շինութեան աշխատանքը, բնակարաններու քանդումը, բռնարարքներու հրահրումը եւ ահաբեկչութեամբ ամբաստանուածներուն փոխհատուցումի վճարումները»։
Նշենք, որ Ամերիկայի նախորդ վարչակազմը ինքնագլուխ կերպով Երուսաղէմը համարած էր Իսրայէլի մայրաքաղաքը եւ կասեցուցած էր պաղեստինցիներուն տրամադրուող աջակցութիւնները։