ԼՈՒՍԻՆ (ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ) ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 17 Ապրիլ 1933ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Լուսին Պետրոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2021ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Արամ եւ Ազնիւ Պետրոսեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ Վարդան եւ Էլիզապէթ Պետրոսեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ Հրաչ Պետրոսեան
Զաւակը՝ Շանթ եւ Քարօլին Պետրոսեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Անթուանէթ Ալեքսանեան եւ ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին (ARS Anahid Chapter, 5300 White Oak Ave., P. O. Box 19191, Encino, CA 91416-9191):