«ՀԱՐՈՒՍՏ Է ԱՅՆ ՄԱՐԴԸ, ՈՐ ՅԻՍՈ՛ՒՍԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ». ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Փասատինա․- Կիրակի, 31 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր առաջնորդական առաջին այցելութիւնը տուաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ, «որ ուրախութիւնը շնորհեց համախմբուելու Ս. Սարգիս անուն եկեղեցւոյ մէջ»:
«Որքան կարօտցած ենք տեսնել մեր ժողովուրդը Աստուծոյ տաճարին մէջ: Տարի մըն է, որ զրկուած ենք մեր ժողովուրդին հետ միասին արարողութիւններուն ներկայ գտնուելով վայելելու Աստուծոյ օրհնութիւնները: Բայց այսօրուան ձեր ներկայութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ պաշտպանուած դիմակներով եւ յարգելով հեռաւորութեան պարտադիր օրէնքները, կու գայ բոլորիս յիշեցնելու, որ արդարօրէն մենք զԱստուած կարօտցած էինք, եւ Աստուած մե՛զ կարօտցած էր», նշեց սրբազան հայրը, ապա ողջունեց պատարագին ներկայ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, Հոգաբարձական կազմը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Թաթիկեանը, Տիկնանց միութիւնը, տեղւոյն հայ համայնքի կառոյցները, միութիւնները, Ազգային երեսփոխանները եւ նուիրեալները, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն եկեղեցւոյ յաղթական գոյերթին:
Շնորհաւորելով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Սարգիս ոււ Մարտիրոս անունները կրողները՝ սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի նկատմամբ ցուցաբերուած այն մեծ ու եզակի սիրոյն, զոր 4րդ դարուն ապրած ու Յիսուսի՛ համար նահատակուած Սարգիս Զօրավարինը ունեցաւ: Զօրավար մը, որ իր զաւակին՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու հետ նահատակուեցաւ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ սուրբերը մարդոց կեանքին մէջ բարերար ներկայութիւն են․ անոնք ա՛յն մարդիկն են, որոնք իրենց եսէն վեր դասած են զԱստուած եւ թէեւ սովորական մարդոց նման ապրած են այս աշխարհի վրայ, բայց տարբեր են բոլորէն:. «Սուրբ էին բոլոր անոնք, որոնք իրենց անձը նուիրեցին Քրիստոսին, անմահացան իրենց կեանքը տալով Քրիստոսին կամ յաւիտենականութիւնը ժառանգեցին իրենց կեանքին մէջ Քրիստո՛սը ապրեցնելով եւ ընդմիշտ լռեցնելով իրենց ներսիդին պոռացող ԵՍը, որուն փոխարէն անոնք միայն լսեցին Յիսուսի՛ն ձայնը, որ այսօր, այս սուրբ խորանէն կը հնչէ. «ԵՍ ԵՄ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՑԸ», ըսաւ սրբազան հայրը:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսը կը ճաշակեն՝ անօթի պիտի չմնան իրենց կեանքին մէջ, իսկ բոլոր անոնք, որոնց կեանքին մէջ Յիսուսը չկայ, նոյնիսկ եթէ ամէն բան ունենան, յաւիտենական աղքատութեան մէջ պիտի մնան հոգեպէս եւ աւելցուց. «Երանի բոլոր անոնց, որոնք, մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, կը գիտակցին, թէ Յիսո՛ւս է այն մեծագոյն հարստութիւնը, զոր մարդը կրնայ ունենալ իր կեանքին ընթացքին», ապա վեր առաւ Ս. Սարգիսի ու անոր հետեւորդներուն նահատակութեան երեւոյթը՝ յիշեցնելով, որ Քրիստոսի հետ մօտիկութիւնը անպայման չ՛ենթադրեր հանգիստ կեանք ապրիլ:
«Ս. Սարգիս այսօր կու գայ յիշեցնելու եւ սորվեցնելու մեզի, որ մեր կեանքին ընթացքին ամէնէն նուիրական, գեղեցիկ եւ ուրախաբեր ճշմարտութիւնը Յիսո՛ւս անուն ճշմարտութիւնն է: Երբ Քրիստոս ներկայ է քու կեանքիդ մէջ, մարդիկ քեզ սպաննե՛ն անգամ քու հոգդ չ՛ըլլար, որովհետեւ դուն Յիսուսի՛ն միացած ես: Արդեօք այս հաւատքով, համոզումով ու սիրով չէ՞ր, որ առաջին դարերուն մարդիկ կը նահատակուէին Յիսուսի սիրոյն, այդ մարդիկ խոշոր ժպիտ մը ունէին իրենց դէմքին վրայ, իսկ մենք, այսօր, երբ նուազագոյն տագնապը ունենանք մեր կեանքին մէջ, չենք ուզեր շալկել մեր խաչը, կ՛ուզենք հետեւիլ Յիսուսին, բայց առանց խաչի», խորհրդածեց սրբազանը եւ հետեւեալ բառերով եզրափակեց իր քարոզը. «Մենք չենք կրնար հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսին՝ առանց խաչ մը շալկելու: Բոլորս ալ մեր կեանքի ընթացքին թերեւս պիտի ըսենք, որ այս խաչը ծանր է մեզի համար, բայց բոլորս նայելով ա՛յն Յիսուսին, զոր Ս. Սարգիսը նայեցաւ, պիտի ըսենք՝ Յիսուս իմ կողքիս է, Յիսուս իմ կեանքիս կեդրոնն է, ես բանէ մը ոչ վախնալու պէտք ունիմ, ոչ ալ բանի մը համար մտահոգուելու կարիքը ունիմ: Ահա՛ այս հաւատքով, այս ապրումներով է, որ անգամ մը եւս կ՛ողջունեմ Փասատինայի ծխական համայնքը՝ աղօթելով եւ մաղթելով, որ աստուածային օրհնութիւնը մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր ժողովրդեան կեանքին մէջ: Մեր համայնքի զաւակները՝ համախմբուած այս սուրբ գմբեթին ներքեւ, թող որ շարունակեն գործել ու աշխատիլ վասն բարգաւաճման մեր ազգին, վասն անսասանութեան մեր Մայր Ս․ եկեղեցւոյ»:
Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, ապա բոլոր հաւատացեալները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք առաջնորդը ընդունեց Փասատինայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները: