ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի անձնակազմը կը շարունակէ իրականացնել Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման վերահսկողութիւնը, հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռուս զինուորներուն կողմէ զինադադարի դրութեան հսկողութիւնը կ՛իրականացուի «Ֆորփոսթ» եւ «Օրլան-10» անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով:
«Միացեալ կեդրոնի զինուորները կառավարման կէտին մէջ կը ստանան անօդաչու թռչող սարքերէ պատկերներ, կը վերլուծուին զինուորական սպառազինութեան, անձնակազմի բոլոր տեղաշարժերը, ինչպէս նաեւ կ՛արձանագրուին կողմերուն` շփման գիծը անցնելու բոլոր փաստերը», կը հաղորդէ նախարարութիւնը:
«Միացեալ կեդրոնի զինուորները կը հաւաքեն, կ՛ամփոփեն եւ կը ստուգեն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու խախտումներուն մասին տեղեկութիւնը, կը քննեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չկատարելու հարցերու վերաբերեալ որեւէ բողոք», կը հաղորդէ նախարարութիւնը: