ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2 Փետրուարին հանդիպում ունեցաւ թուրք ազգայնամոլներու «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներէն Ահմետ Եըլտըրըմի եւ կազմակերպութեան քաղաքական թեւին՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելիի տեղակալ Մեւլուտ Քարաքայայի հետ:
«Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան անդամները անգամ մը եւս խօսեցան Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու նախաձեռնութեան մասին: Անոնք նշեցին, որ այդ առնչութեամբ արդէն հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի կրթութեան նախարարին եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Յիշեցնենք, որ Շուշիի մէջ դպրոց բանալու մասին յայտարարած էր Պահչելին` նշելով, որ արդէն ստացած է Էրտողանի եւ Ալիեւի համաձայնութիւնը: