ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլքը, միաձայնութեամբ Ծերակոյտի հանրապետականներու համախմբումին ղեկավարը ընտրուելուն առիթով։
Հայանպաստ իր գործունէութեամբ ծանօթ ծերակուտականը անդամ է նաեւ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումին եւ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելած է։
«Կը շնորհաւորենք ծերակուտական Ուիլքը, որ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Ծերակոյտի հանրապետական փոքրամասնութեան ղեկավար» կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ Ուիլք եւ անոր կինը՝ Վընիսա Սաֆոյեան, Հայկական Հարցի ջատագովներ եւ Հայ Դատի մօտիկ բարեկամներ են։