Տէր Արցախը՝ Ի Պատիւ Հայ Արցախին․ Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ․- Շաբաթ, 23 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մեկնեցաւ Լաս Վեկաս, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ անդամներ՝ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի, Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան անդամներ Պերճ սրկ. Աբգարեանի (Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ֆրեզնոյի մէջ), Ծովիկ Զէյթլեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանի: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5ին, սրբազան հայրը նախագահեց Լաս Վեկասի Հայց. Առաք. Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Կիրակնամուտի ժամերգութեան եւ կատարեց քահանայական կոչման արարողութիւնը Սեւակ սրկ. Պատոյեանի։ Սեւակ սարկաւագ՝ խարտաւիլակ հայր սուրբեր՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի առաջնորդութեամբ, եկեղեցւոյ մուտքէն ծնրադիր ուղղուեցաւ դաս եւ նզովեց բոլոր հերետիկոսներն ու եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խոտոր հանդիսացող վարդապետութիւնները, ապա հաստատեց Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը:
Յետ արարողութեան, սրբազանը հանդիպում-ընթրիք մը ունեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւին, ազգային երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմին եւ համայնքի բարերարներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լաս Վեկասի ծխական կեանքը յուզող հարցեր: Սրբազանը իր զրուցակիցներուն հետ բաժնեց մտածումներ՝ ի խնդիր շրջանի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կեանքի առաւել պայծառացման եւ բարձր գնահատեց անոնց ազգակերտ ու եկեղեցաշէն գործունէութիւնը Լաս Վեկասի հայութեան կեանքին մէջ:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, սրբազան հայրը կատարեց առաջնորդական անդրանիկ Ս. պատարագը: «Զի ողորմած» աղօթքէն ետք, ընծայեալը խարտաւիլակ հայր սուրբերուն առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացաւ Ս. խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեթով աղօթքներու ճամբով ան հրաւիրուեցաւ Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդի պատասխանատուութեան: Ձեռնադրութենէն ետք, «Կենդանարար» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ հայր սուրբը Միւռոնաթափ Աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. Խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որ Ս. Հոգին խորհրդանշող Սրբալոյս Միւռոնը հեղեց, ապա օծեց ընծայեալին ճակատը, ձեռքերը եւ շքեղ հանդիսութեամբ մը Սեւակ սրկ. Պատոյեանը վերակոչեց՝ Արցախ քահանայ, ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կողմէ 2021 տարեշրջանը «Արցախի տարի» հռչակման եւ ի պատիւ Հայ Արցախին:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, քահանայական օծման եւ իբրեւ Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ շրջանը իր առաջին այցելութեան առիթով արտասանած իր առաջնորդական անդրանիկ քարոզին մէջ հովուական ողջոյնի խօսք ուղղեց արարողութեան ներկայ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, տեղւոյն հայ համայնքի պատասխանատու մարմիններու, միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ նուիրեալներու, նշելով, որ հոգեկան անսահման ուրախութիւն մը լեցուցած է բոլորին սիրտերը, եւ այդ ուրախութիւնը չի գար այս աշխարհէն, այլ կը ճառագայթէ երկինքէն, Աստուծմէ, որովհետեւ ամէն անգամ որ հաւատացեալներ ներկայ կ՛ըլլան Ս. պատարագի, քահանայական ձեռնադրման եւ օծման արարողութիւններու, կ՛արժանանան երկինքի ուշադրութեան եւ աստուածային օրհնութիւններու ու այս է պատճառը, որ այդ պահուն բոլորին սիրտերը կը բաբախեն տարբեր կշռոյթով մը մեր արարիչին՝ Աստուծոյ հետ:
Խօսելով «Արցախի տարի» խորհուրդին մասին՝ սրբազանը ըսաւ. «Երբ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2021 տարին կը հռչակէ Արցախի տարի, նոր յոյս մը կը ծագի մեր կեանքին մէջ, եւ աստուածային լոյսը տարբեր ուժով կը ճառագայթէ մեր հոգիին մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կը հրաւիրուինք չյուսահատելու, այլ՝ ընդհակառակն, յոյսի աչքերով նայելու կեանքին, այն հաւատքով ու համոզումով, որ Աստուած մեր կողքին է: Եւ եթէ Տէր ընդ մեզ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ ըլլալ»: Ան նոյն ժամանակ ընդգծեց, որ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն յատուկ պատուիրակութեամբ Լաս Վեկաս հասած է՝ գլխաւորելու համար քահանայական այս ձեռնադրութիւնը, որ Նեւատա նահանգին մէջ առաջին անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Ապա խօսքը ուղղելով ընծայեալին՝ ըսաւ. «Նորօծ քահանան կը հրաւիրուի իր կեանքին ամէնէն կարեւոր օրը նկատելու այս օրը, որովհետեւ ան այսօր, այս պահուն կ՛արժանանայ աստուածային ուշադրութեան եւ Ս. Հհոգւոյ ներգործութեամբ նոր մարդ կը դառնայ, մէկ նպատակ ունենալով իր կեանքին մէջ, որ եկեղեցւոյ ճամբով քրիստոսաւանդ ծառայութիւնն է՝ առ մեր ազգի թանկագին զաւակները»: Հուսկ, սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց յոտնկայս երգելու «Ողջոյն»ը՝ իբրեւ արձագանգ օրուան խորհուրդին, որ Ս. Կարապետ եկեղեցիէն պիտի հասնի մինչեւ Մայր Հայաստան եւ Արցախ:
Արարողութեան աւարտին, աաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, նորօծ տէր Արցախ քահանայ Պատոյեան, կնքամայրը՝ Արտա Եմենիճեան եւ կնքահայրը՝ Յակոբ Քուճաքեան ընդունեցին շնորհաւորութիւնները ներկաներուն: Այս առիթով եղան անկեղծ ու սրտաբուխ մաղթանքներ:
Յայտնենք, որ սրբազան հօր Լաս Վեկաս այցելութեան եւ առաջնորդական անդրանիկ պատարագին առիթով, տեղւոյն ազգայիններէն Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան եւ տիկինը՝ Նորան, ինչպէս նաեւ Նորային մայրը՝ Արփի Գութնելեան, իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին եւ կատարեցին 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը (5000 տոլար՝ առաջնորդարանին, 5000 տոլար՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագիրներուն):