ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 20 Յունուարին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու 46րդ նախագահը դարձաւ Ճօ Պայտըն, որ պիտի պայքարի համաճարակին, տնտեսական նահանջին եւ վերջին չորս տարիներուն երկիրը մասնատած նախորդ վարչակազմին շարք մը քայլերուն դէմ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց նոր նախագահը, անոր յիշեցնելով հայութեան հետեւեալ ակնկալիքները.
– Յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին եւ Հայաստանին
– Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան սառեցում
– Պատժամիջոցներ Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնակոխումներուն համար
– Հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովում
– Պաքուի հակակշիռին տակ մնացող հայկական եկեղեցիներու պաշտպանութիւն
– Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչում
– Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացում։