ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Հայաստանը Արցախին կապող երկրորդ՝ Վարդենիս–Մարտակերտ (Քարվաճառով) ճանապարհին՝ Արցախի Դրմբոն գիւղի մօտակայքը, արցախցիները 18 Յունուարին բողոքի ցոյց կատարեցին եւ ճանապարհը փակեցին՝ պահանջելով ռուս խաղաղապահներէն՝ ապահովել Արցախէն Վարդենիս երկարող ճանապարհով բնակչութեան ապահով տեղաշարժը։
Գիւղացիները նշեցին, որ 10 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին, սակայն դէպի Վարդենիս ճանապարհը փակ է. ատրպէյճանցիները ազատօրէն կը տեղաշարժին Արցախի տարածքին մէջ, իսկ հայ բնակչութիւնը չի կրնար անոնց ենթակայութեան տակ յայտնուած տարածքով երթեւեկել։
Քաղաքացիները դիմում մը յանձնեցին ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչին՝ խաղաղապահներու հրամանատար Ռուստամ Մուրատովին փոխանցելու համար։
Ցոյցին մասնակցողներէն մէկը յայտնեց, որ հարազատներուն տեսակցելու համար նախապէս կը կտրէին 90 քմ․ իսկ այժմ ստիպուած են 500 քմ․ ճանապարհով անցնիլ։
Քաղաքացիները նաեւ բողոքեցին ատրպէյճանցիներու ծաղրական կեցուածքէն, ամէն անգամ երբ անոնք այդ ճանապարներէն կ՛անցնին։