ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջերս այցելեց Արցախ: Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի հետ:
Յետ-պատերազմեան իրավիճակին մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը պատճառ դարձաւ Պաքուի ղեկավարութեան բողոքին: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ նման ուղեւորութիւնները պէտք է վերջ գտնեն: Ըստ անոր՝ Հայաստանի պաշտօնատարներու Արցախ այցելութիւնները «կը խոչընդոտեն յարաբերութիւններու կարգաւորումը»՝ աւելցնելով. «Կը զգուշացնենք. եթէ նման սադրիչ գործողութիւններ կատարուին, Հայաստան ա՛լ աւելի կը զղջայ»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իռ կարգին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ «սին եւ անհիմն» որակելով Պաքուի պնդումները: