ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 8 Յունուարի կէսօրին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ներկայացուցչական եւ ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը ազգային-կուսակցական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանին, ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Արարողութեան նախագահեց եւ յետ յուղարկաւորութեան հանգուցեալի մասին իր վկայութիւնները ներկայացուց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ապա սրբազանը կարդաց վեհափառ հայրապետին գնահատականը՝ ննջեցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանի հանրային գործունէութեան մասին: Իր կատարած ծառայութիւններուն համար Գառնիկ Մկրտիչեան յետ մահու վեհափառ հայրապետին տնօրինումով արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշանին:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարգին յետ մահու Գառնիկ Մկրտիչեանը պարգեւատրեց ՀՄԸՄի Արժանեաց շքանշանով: