ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը վերջին քանի մը ամիսներուն իրենց գործնական նեդրումը ունեցան Արցախի պատերազմէն տուժածներուն աջակցելու ջանքերուն:
Հակառակ համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած դժուար պայմաններուն, «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը նաեւ շարունակեց դաստիարակելու իր առաքելութիւնը, գլխաւորաբար՝ առցանց: Նաեւ, Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը այս տարեշրջանին Շիրակի մարզէն 12 համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կատարեց:
Արցախի պարերազմի առաջին օրերէն սկեալ, մինչ ՀՅԴի եւ Երիտասարդականի անդամներ կամաւորաբար կը մասնակցէին ինքնապաշտպանութեան մարտերուն, «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը վերածուեցաւ Արցախէն տեղահանուած եւ Գիւմրի հաստատուած հայորդիներուն աջակցութիւններ տրամադրող կեդրոնի մը՝ աջակցութեամբ բազմաթիւ կամաւորներու, որոնց շնորհիւ 142 ընտանիքներ այլազան աջակցութիւններ կը ստանան:
Նաեւ, «Շիրվանեան» կեդրոնին մէջ, ՀՄԸՄի «Մինաս Չերազ» մասնաճիւղի անդամները Գիւմրի գաղթած արցախցի պատանիներուն յատուկ խաղեր եւ ժամանցի այլ ձեռնարկներ իրականացուցին կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք պտոյտի տարին, որպէսզի մօտէն ծանօթանան Գիւմրիին:
Նշենք, որ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Վերջին չորս տարիներուն, կեդրոնը այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայր հանդիսացաւ՝ կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա վերածուեցաւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայրի մը, նոյն ժամանակ նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման: Կեդրոնը նաեւ կը գործածուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Երիտասարդաական Ջոկատներ»ուն եւ ՀՄԸՄի կողմէ: