ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Այս օրերուն կը հետեւինք, կը շշմինք, կը զայրանանք, կը մտաբերենք, նաեւ կը վերլուծենք հայրենիքի տարածքին կատարուածները, հաւանական բոլոր վարկածները աչքէ կ’անցընենք եւ ի զուր կը փորձենք մեր խելքը բանի մը հասցնել…:
Ի՞նչ կը կատարուի հոն՝ Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն վրայ, ո՛չ թէ «մութին մէջ», այլ՝ օր-ցերեկով:
Պահ մը կեդրոնանանք եւ խորանանք իրողութիւններուն մէջ:
Վերջին օրերուն ու շաբաթներուն, Արցախը իրողապէս մոռցուած է եւ առաւելաբար կը խօսուի Սիւնիքի մասին. Գորիս-Ղափան ճանապարհը, Որոտանը եւ Շուրլուխը յանկերգներու բնոյթը ստացած են եւ մասնաւորաբար անոնց շուրջ կը դառնան այսպէս կոչուած՝ իշխանաւորներուն զրոյցները եւ տեղի բնակչութեան դիմագրաւած անախորժ անակնկալները:
Յայտնի է, թէ անոնց «գլխուն փորձանք» մը կայ, երբ յաճախ անոր մասին կը խօսին, «ցաւալի զիջումներ» տխրահռչակ արտայայտութիւնը կրկնելով. գութը կը հայցեն խեղճ ու իրականութեան քիչ ծանօթ զանգուածին, որուն մտահոգութեան եւ իմացութեան մտահորիզոնը բանտարկած են դրամի եւ ստամոքսի սահմաններուն մէջ: Հայրենիքը եւ ոգեղէն սրբութիւնները զանգուածին համար դարձուցած են «ո՛ւր հաց, հո՛ն կաց» նշանախօսքի, նաեւ կը յօրինուի նոր «օրօր» մը, իբրեւ թէ «Թուրքիոյ սահմանը թող բացուի, որպէսզի Հայաստան շունչ քաշէ»…
Անդին, հասկցող, մտահոգ ու գիտակից ժողովուրդը՝ հայրենիքին արժէքը գիտակցող զաւակները, ՀԱՅՐԵՆԻՔ սրբութեան համար ինքզինք կոտորելով՝ եղած աղէտէն ետք գոնէ ծուէն մը հող ու պատմութիւն փրկելու իրապաշտ մօտեցումով, կը փորձէ գոռալ, կանչել եւ համոզել, որ վտանգը մեր գլխուն վերեւ է, եւ ո՛չ թէ հեռուն: «Ի՛նչ փոյթ, Երեւան չեն հասած», կ՛ըլլայ իշխանութեան պատճառած վնասները չտեսնել ձեւացողին պատասխանը:
Այդ ալ մոռցանք (մի՛ ըսէք, թէ ինչպէ՛ս)…
Հապա ի՞նչ ըսէք իշխանաւորներու նորագոյն «յայտնաբերում»ին մասին. «Իրենց հողերն են, 26 տարի է մենք առած էինք եւ հիմա պէտք է վերադարձնենք»…
Իսկապէ՞ս, եւ սա արդէն համազօր է Ադամական մեղքի: Պատմութեան նենգափոխումի վարպետ պոլշեւիկներուն հաւատարիմ ժառանգորդները այս «գիւտ»ով արդէն անդառնալի հանգրուան մը կտրեցին, 1918ի հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալը իրողապէս մերժելով եւ խորթ անուանումներով: Չի բաւեր միայն բառերով ըսել թէ այսօրուան Հայաստանը 1918ին ու Սարդարապատին ժառանգորդն է, ապա՝ ձեւեր գտնել ետքայլ ընելու: ՉԱՐԱՉԱՐ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք բանիւ եւ գործով իրենք զիրենք կը հեռացնեն 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան ժառագորդը համարելէ, կը նսեմացնեն դարաւոր ստրկութենէ ետք վերականգնած մեր պետականութեան առաջին հիմնաքարը, որ զետեղուած էր հայ ժողովուրդին կողմէ պատմական փառահեղ յաղթանակով, նմանապէս՝ զայն կերտողը: Փաստօրէն, Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն երեք տարի ետք, մեր նախնիները, հայրենք կերտելու հաւատքով, յարութիւն առին եւ հրաշագործութեամբ ստեղծեցին ազգային օճախ մը, որ պսակուեցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:
Այո՛, «Նոր Հայաստան», նորարարական բայց ապազգային լօզունգով՝ իրողապէս մերժեցին հնչեղօրէն տօնել 1918ի հանրապետութեան 100ամեակը, չիմացան թէ ինչպիսի ժառանգութեան մը տէրն են, եւ դարձան 26ամեայ «ՆՈՐ-անկախ» հանրապետութիւն:
Ահա՛ թէ ինչո՛ւ այսօր կը դաւանին հայատեաց եւ ազգատեաց համայնավարութեան գծած շինծու ու ազգը պառակտող սահմանները, այդ «տրամաբանութեամբ» ալ թուրք-ազերիին կը յանձնեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր հայրենիքի մասնիկները, իբրեւ թէ անոնք ըլլային «անոնց հողերը»:
Մինչդեռ, եթէ հոգիով ու քաղաքական մտածողութեամբ ընդունէին առաջին հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալու պատուական յանձնառութիւնը, ապա, ազգային հպարտութեամբ եւ արդար հրաշագործութեան արդիւնքով կերտուած 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները անսասան պահելու նախանձախնդրութեա՛մբ պիտի պաշտպանէին Գորիս-Ղափան ճանապարհը, Վարդենիս-Արցախ մայրուղին, ազերիներուն պիտի չնուիրէին պատմական ՄԵՐ Արցախի մեծագոյն բաժինը եւ նոյն կամքով ալ, տէր ու պահապան պիտի կանգնէին մեր հայրենի Կարսին, Վանին, Անիին ու Արարատին…
Ափսո՜ս որ դարերէն եկող ողբը կը կրկնուի տարբերակով մը: Հէ՜յ աշխարհ, որ թագաւորդ դեռ մանուկ է…
Դեկտեմբեր 25, 2020
Լոս Անճելըս