Սպանիոյ Թորեմոլինոս քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր կ՛ըսուի նաեւ հետեւեալը. «Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նիքոլաս տէ Միկելի ներկայացուցած միջնորդագիրին թեր քուէարկեցին նաեւ Սպանիոյ իշխող` Ընկերվարական կուսակցութեան անդամները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.