Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան ընտրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած «Ռոմա»-«Թորինօ» մրցումին լաւագոյն մարզիկը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հռոմեան կազմին յաղթանակով՝ 3-1 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը 27րդ վայրկեանին բացաւ Մխիթարեան (7րդ՝ այս տարեշրջանին), որ Կիրակի օր եւս, «Աթալանթա»ի դէմ մրցումին ընթացքին կատարեց խումբին միակ կօլին փոխանցումը։
Նշենք նաեւ, որ գերմանական «Հոֆընհայմ»ի մարզիկ Սարգիս Ադամեան եւս Կիրակի օր կատարեց իր կազմին յաղթանակի կօլին փոխանցումը։