Սիւնիքի սահմաններու վերագծման հարցը կը շարունակէ իր վրայ հրաւիրել բոլորին ուշադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարձրացնէ բողոքի ձայնը Սիւնիքի մարզի բնակիչներուն, որոնք այսօր եւս փակեցին Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհը՝ իշխանութենէն անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջելով։
Արդարեւ, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այս գծով յայտարարեց, որ Սիւնիքի շրջակայ տարածքներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումը կը կատարուի որոշ փաստաթղթային հիմքերու վրայ։
18 Դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց Հայաստանի հարաւ-արեւելեան սահմանագօտի, ուր հետեւեցաւ նոր բնագիծերուն մէջ իրականացուող մարտական հերթապահութեան ընթացքին, զրուցեց հրամանատարներու եւ զինուորներուն հետ։
Նախարար Յարութիւնեան յատկապէս այցելեց նաեւ այն տարածքները, ուր հայ եւ ատրպէյճանական դիրքապահներուն միջեւ հեռաւորութիւնը, որոշ պարագաներու, ընդամէնը 100 մեթր է:
Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յանձնարականներ տուաւ ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն` թիկունքային ապահովման, յենակէտերու կառուցման եւ մարտական հերթապահութեան վերաբերեալ:
Նախարարութենէն նաեւ յայտնեցին, որ Սիւնիքի մարզի` Ատրպէյճանի հետ սահմանի կարգ մը հատուածներուն մէջ պիտի տեղակայուին նաեւ ռուս սահմանապահներ:
Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին տակ իր հրաժարականը ներկայացուց Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Կարապետեան, որ այս առիթով կատարած գրառումին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Յարգելի՛ սիւնեցիներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորի մանդատից հրաժարուելու դիմում եմ ներկայացրել: Մանդատ ինձ տուել էիք դուք` ձեր վստահութեան քուէով եւ ձեր իսկ պահանջով, ես այն վայր եմ դնում: Շարունակում եմ հաւատալ, որ մենք ունենալու են հզօր ռազմարդիւնաբերութիւն եւ այդ նպատակին հասնելն է լինելու իմ կեանքի իմաստը: Մենք յուսահատուելու իրաւունք չունենք: Մենք պարտաւոր ենք վերագտնելու մեր ուժն ու ոգին եւ ապրելու: Սիւնիքը եղել է, կայ եւ լինելու է Հայաստանի ողնաշարը»։