Արդէն իր աւարտին կը հասնի 2020ը, որ ողբերգութիւններով լեցուն տարի մը եղաւ։
Համաճարակին բերած տնտեսական անորոշութիւնները դիմագրաւելու կողքին, 2020ի իրադարձութիւնները պարտադրեցին մեզի համագործակցելու եւ օժանդակութեան ձեռք երկարելու աներեւակայելի վնասներ դիմագրաւած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, «Ասպարէզ»ը մնաց պատնէշի վրայ, համայնքը եւ համայն հայութիւնը յուզող հարցերու մասին լրատուութիւն կատարելով եւ օրը օրին տեղեկութիւններ փոխանցելով համայնքին՝ հանրային առողջապահութեան, Լիբանանը ցնցած ահաւոր պայթումին, համայնքին կառոյցներու վրայ կատարուած յարձակումներուն եւ մանաւանդ Արցախի նորագոյն պատերազմին մասին։
Մեր ազգային նախապատուութիւնները մեզի կը մղեն սերտօրէն համագործակցելու, հասնելու համար մեր ազգին կարիքներուն։ Մեր հայրենիքը կը գտնուի կազդուրուելու շատ զգայուն ճամբուն վրայ եւ վստահ ենք, որ իւրաքանչիւրս իր բաժինը պիտի բերէ վերականգնումը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար։
112 տարիներէ ի վեր, «Ասպարէզ»ը վայելած է համայնքին կազմակերպութիւներուն, մեր ծանուցողներուն եւ ձեր՝ մեր ընթերցողներուն, առատաձեռն նեցուկը։ ԱՆոր փոխարէն, մեր նուիրեալ անձնակազմը անխոնջ աշխատած է կարեւորագոյն լուրեր ձեզի օրին հասնցելու համար։ Յունուար 2021ին, ճամբայ պիտի ելլէ համացանցային մեր նոր կայքը, որուն կողքին ընկերային ցանցերու յատուկ նոր յաւելուածներ, դիւրացնելու համար հանրութեան հետ մեր կապը։
Մինչ կը պատրաստուինք տարեփակին եւ նոր հորիզոններու վրայ կեդրոնցած են մեր հայեացքները, ձեզմէ պիտի խնդրենք առատաձեռնօրէն զօրակցիլ «Ասպարէզ»ի առաքելութեան, որպէսզի շարունակենք մեր պարտականութիւնները լիովին կատարել՝ օրը օրին եւ ժամը ժամին։
Մեր աւանդական Նոր Տարուան բացառիկ թիւին փոխարէն, այս տարի պիտի հրատարակենք յատուկ թիւ մը՝ նուիրուած, բնականաբար, Արցախի իրադարձութիւններուն։ Ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները պիտի հրապարակուին այդ թիւի նուիրատուներու ցանկին մէջ, ամրագրելով «Ասպարէզ»ին զօրակցելու ձեր նուիրումը։
Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր նուէրներուն համար։