ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջապէս շնորհաւորական հեռագիր յղեց Ճօ Պայտընին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը նշէ, որ Փութին Պայտընին յաջողութիւն մաղթեց եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կրնան, հակառակ տարակարծութիւններուն, նպաստել բազմաթիւ հարցերու լուծման:
«Պատրաստ եմ ձեզի հետ համագործակցելու», ընդգծած է Փութին: