ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի Ջուրի եւ Ուժանիւթի բաժամունքը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է մինչեւ 28 Փետրուար երկարաձգել համաճարակէն տուժած յաճախորներուն ջուրի եւ ելեքտրականութեան հոսանքները չկասեցնելու որոշումին լիազօրութիւնը։
Բաժանմունքը նաեւ շարք մը այլ աջակցութիւններ կը տրամադրէ իր յաճախորդներուն, որոնց կարելի է ծանօթանալ www.GlendaleCA.gov/GWPCares կայքէջին վրայ։