ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, որ կառավարութեան շէնքին առջեւ արդէն 8 օր է հացադուլ կը կատարէ` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ թերեւս շատեր հրապարակաւ չեն խօսիր, բայց եւ այնպէս ժողովուրդին մեծ մասը լաւապէս կը գիտակցի, որ անկարելի է երկիրը այս սահմանագիծին հասցուցած մարդը շարունակէ իր աթոռին վրայ մնալ ու պաշտօնավարել։
Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ չի կրնար հաշուել, թէ այս ընթացքին քանիներ եկած են իրեն այցելելու։ «Եթէ մատեանում նրանց գրանցէինք, փոխանցէինք Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակ եւ եթէ նա ժամանակ ունենար ընթերցելու, որովհետեւ առաւօտից գիշեր զբաղուած է ֆեյսբուքում ստատուս գրելով, ոչ թէ երկիր կառավարելով, կը հասկանար, թէ հասարակութիւնն ինչ էր մտածում իր մասին», յայտնեց ան։
Դատաւորները խորհրդակցութեան հրաւիրելու երեւոյթին անդրադառնալով՝ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ եթէ դատաւորները կարենան նահատակ զինուորներու աճիւններու տեղափոխման հարցով օգտակար ըլլալ կամ գէթ մէկ քայլով կարենան սահմաններու անվտանգութեան, ճշգրտման հարցով օգտակար դառնալ, ապա կարելի կ՛ըլլար ըսել, որ քննարկումը արդարացի էր, սակայն դատաւորները դատավճիռ արձակելու համար են:
«Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանն էլ մեղադրանքներ առաջադրելու համար է, մի մեղադրանք էլ ինձ է առաջադրել: Անցնող 2.5 տարին ցոյց տուեց, որ Սասուն Խաչատրեանը կարող է օրինակ` այս սալայատակին մեղադրանք առաջադրի, եթէ Նիկոլ Փաշինեանը ցանկանայ եւ կարծի, որ այս սալայատակը հակայեղափոխական է», յայտնեց ան:
Ռազմագերիներու փոխանակման հարցին անլոյծ մնալու գծով Մանուկեան նշեց, որ իր զաւկին ճակատագիրը գիտնալու համար կառավարութեան շէնք եկած է ռազմագերիներէն մէկուն հայրը՝ բորբոքած, առողջական վատ վիճակի մէջ, շտապ օգնութեան ինքնաշարժով տեղափոխած են զայն, 30 Նոյեմբերին կրկին եկած է, որովհետեւ կառավարութենէն կանչած են, սակայն աւելի ուշ անոր ըսած են, թէ յաջորդ խումբով պիտի հանդիպի համապատասխան պաշտօնեային հետ։
«Մէկ-մէկ ուզում ես տեսնել այն պաշտօնեայի դէմքը, որը գերութեան մէջ գտնուող զինուորի հօրն ասում է` յաջորդ «պարտիայով» կը կանչեմ հանդիպման, այդ պարտիաներով նրանք են պագեւավճարներով սնուել, պարտիա են ասում ռազմագերու հօրը», պատմեց Գեղամ Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեան այնքան չի տիրապետեր ստորագրուած փաստաթուղթին, որ ուշադրութիւն չէ դարձուցած այն հարցին, որ գերիներու, աճիւններու վերադարձը նախապայման ըլլայ:
Ըստ անոր՝ այս է պատճառը, որ Նիկոլ Փաշինեան մեղքը կը բարդէ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի վրայ, կ՛ըսէ՝ գացէ՛ք Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց ցոյց կատարեցէք, փափուկ բարձ կը դնէ ժողովուրդին գլխուն տակ, բայց Մանուկեան համոզուած է, որ այս խնդիրը կրնայ լուծել այն երկրի ղեկավարը, որ պատասխանատու է երկրի համար եւ կրնար առաջնահերթութեամբ այս խնդիրը լուծել: