ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կազմուած է 2021ի իր պաշտօնը ստանձնող նոր վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան (ատենապետ), Ծովինար Տէրտէրեան (փոխատենապետ), Նորա Լեսըրշոն (քարտուղար), Պարլօ Տէր Մկրտիչեան (գանձապահ), Վարդան Մաթոսեան, Քրիսթըֆըր Շեքլեան եւ Վարագ Գեթսեմանեան: Վարչութեան նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Հայագիտական Ուսմանց ընկերակցութեան պաշտօնաթերթի խմբագիր Թամար Պոյաճեան:
Ատենապետ Պետրոս Տէր Մաթոսեան կը տեղեկացնէ, թէ նախորդ երկու տարիներուն իրականցուած ծրագիրներուն շարքին են՝ անդամներու թիւի 40 տոկոսի յաւելում, հայագիտական նիւթերով ցարդ 45 ձայնագրութիւններու հաւաքածոյի տեղադրում ընկերակցութեան համացանցային կայքին վրայ, 15 կրթանպաստներ մագիստրոսական կամ դոկտորական տիտղեսներու թեկնածու հայագիտական նիւթերու ուսանողներու, ընկերակցութեան 45ամեակին առիթով Հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մը իրականացոմը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ եւ ուսումնասիրական երկու հատորներու հրապարակում:
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: