ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակ Մանէ Գէորգեան կոչ ուղղեց՝ կառավարութեան եւ վարչապետին աջակցող հանրահաւաքներ չկատարելու։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սահմանագիծէն վերադարձող կամաւորներուն, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն վարչապետին եւ կառավարութեան, սակայն՝ ռազմական դրութեան եւ «Քորոնա» համավարակին պատճառով` «մենք չենք խրախուսում նման հաւաքների անցկացումը եւ յորդորում ենք չդիմել նման քայլի»:
Սակայն, երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ գործադիր իշխանութեան աջակիցները հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին մօտ՝ նշելով, որ վարչապետը պէտք չէ հրաժարական ներկայացնէ։
Հաւաքին մասնակցողներուն մօտեցաւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան` հաւաստիացնելով, որ վարչապետին հրաժարականի հարցը չի քննարկուիր։