ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչութիւնը 12 Նոյեմբերին յայտարարութիւն մը հրապարակեց Առցախի իրավիճակին վերաբերեալ, ողջունելով 10 Նոյեմբերի զինադադարի յայտարարութիւնը՝ շեշտելով. «Այժմ պէտք է քննել միջազգային համայնքին եւ ԵԱՀԿի դերակատարութիւնը, խաղաղութիւնը թափանցիկ կերպով պահպանելու ջանքերուն մէջ»։
Յայտարարութեան մէջ ցաւ կը յայտնուի մարդկային զոհերուն համար եւ կողմերուն կոչ կ՛ըլլայ՝ պաշտպանելու քաղաքացիները եւ քաղաքացիական կառոյցները։
«Քաղաքացիներու տեղահանութիւնը, յատկապէս համաճարակի այս օրերուն եւ ձմրան սեմին, մարդկային անտեղի տագնապ պիտի ստեղծէ։ Կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ հեռու մնան բռնարարքներէ, հրահրող յատարարութիւններէ եւ արարքներէ ու զինադադարը օգտագործածեն երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար», կ՛ըսուի