ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Հայաստանի տարածքին մէջ ռուսական ինքնաթիռ խոցուած է։ Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ ռուսական «ՄԻ-24» ուղղաթիռը հարուած ստացած է Հայաստանի մէջ` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմանին, Երասխ բնակավայրին մօտ՝ ենթարկուելով շարժական զենիթահրթիռային համակարգի կրակային ազդեցութեան: Խոցուելուն իբրեւ արդիւնք՝ ուղղաթիռը կորսնցուցած է հակակշիռը եւ ինկած Հայաստանի լեռնային շրջաններուն մէջ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօր. Իկոր Քոնաշենկով յայտնեց, որ ռուսական ուղղաթիռը խոցուած է Հայաստանի օդային տարածքին մէջ՝ մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս:
Աւելի ուշ ատրպէյճանական կողմը խոստովանեցաւ, որ իր զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի օդային տարածքին մէջ Հայաստանի դաշնակից Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու ուղղաթիռը խոցուեցաւ` նշելով, որ «եղածը պատահականութեան արդիւնք է եւ ուղղուած չէր ռուսական կողմին դէմ»: Ատրպէյճան ներողութիւն հայցեց ռուսական կողմէն ու յայտնեց, թէ պատրաստ է փոխհատուցում տրամադրելու:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակեց այս մասին՝ ցաւակցութիւնն յայտնելով Ռուսիոյ, զոհուածներուն ընտանիքի անդամներուն եւ մարտական ընկերներուն:
«Յատկանշական է, որ այդ ողբերգական միջադէպը տեղի է ունեցել ԼՂ հակամարտութեան գօտուց դուրս` մի վայրում, որտեղ այս ընթացքում չեն արձանագրուել որեւէ ռազմական բախումներ: Այս տեսանկիւնից, ադրբեջանական կողմի պնդումները եւ արդարանալու փորձերը կեղծ են եւ հիմնազուրկ: Խստօրէն դատապարտում ենք Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում ՌԴ ԶՈՒ հանդէպ իրականացուած այս ոտնձգութիւնը: Համոզուած ենք, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքում ՌԴ զինուած ուժերի հանդէպ ուժի կիրառումը կը ստանայ համարժէք արձագանգ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեաան յայտարարութեան մէջ։
Նոյն դէպքին մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Վաղարշակ Յարութիւնեան՝ ակնյայտ յարձակում նկատելով զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածքին ռուսական ինքնաթիռի խոցումը։ Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա յարձակում է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ռուսիոյ վրայ: «Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը ակնյայտ տեսնում էր, որ ուղղաթիռը թռնում է Հայաստանի տարածքով եւ ակնյայտ է, որ իրենից վտանգ չի ներկայացրել: Չնայած այդ հանգամանքին, իրենք օգտագործել են հակաօդային պաշտպանութեան միջոց եւ խոցել են ուղղաթիռը», յայտնեց ան՝ նշելով, որ նշեալ ուղղաթիռին թռիչքի բնոյթը եւ ուղղութիւնը չէր կրնար ատրպէյճանական-թրքական կողմին համար նկատուիլ սպառնալիք։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Ռուսիոյ եւ նշեց, որ ռուս օդաչուները ցաւալիօրէն զոհուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման դաշնակցային պարտականութիւնները կատարելու ատեն, ուստի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայնութեամբ անոնք յետ մահու կը ներկայացուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու։