ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թրքական պետական պատկերասփիռի կայանը Արցախի մէջ ռազմական վերջին զարգացումները ներկայացնելու ընթացքին շեղեցաւ թուրք-ատրպէյճանական քարոզչական կեղծիքէն։ Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան նկատած է այս սայթաքումը եւ զայն կիսած է ընկերային ցանցերով։
Նիւթը ներկայացնելու ընթացքին, պաստառին յայտնուած խորագիրին մէջ թրքերէն նշուած է. «Ատրպէյճան կը յարձակի քաղաքացիներու վրայ»՝ մեծ աղմուկ բարձրացնելով թրքական մամուլին մէջ։ Հասարակական կայքերու մէջ թուրք օգտատէրերը նոյնպէս իրենց վրդովմունքը յայտնած են՝ այս դիպուածը համարելով խայտառակութիւն։