ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատգամը՝
Անդաւաճան, անհուն սիրով
Հայրենիքիդ լինես պաշտպան…
Պատմութիւնը մեզի պարտադրած է կրկին գոյամարտ մղել:
Հայրենիքի պաշտպանութեան ալիքը տարածուած է ամենուրէք: Աշխարհագրութեան յառաջացուցած ամէն կարգի հեռաւորութիւնները ջնջուած են:
Հայ մարդիկ, այր եւ կին, կամաւոր դարձած են: Կ’երթան ռազմաճակատ: Գոյութենական կռիւ է:
Ռազմաճակատը եկած է թիկունք, ամէն ինչ ռազմաճակատի համար կարգախօսով:
Թիկունքը միայն Հայաստանը չէ, ամբողջ հայաշխարհն է:
Ինչ որ ըսենք եւ գրենք այս մասին, կրկնութեան կը նմանի:
Բայց կարծէք մեր ժողովուրդը լսած է բանաստեղծին անպաճոյճ պատգամը:
Բանաստեղծը՝ Աւետիք Իսահակեան: Ան իր թոռ Աւիկին ձգած է իր պատգամը:
Իրաւ մեծերը միշտ հայր են ժողովուրդին: Իրաւ բանաստեղծին թոռ են սերունդները:
Աւետիք Իսահակեանի պատգամը իր թոռան եւ թոռներուն՝ մեզի, առանց դարձդարձիկ վերլուծումներու եւ տեսութիւններու ազգային եւ քաղաքական իմաստութիւն է: Մարտակոչ :
Աւետիք Իսահակեանի խօսքը կտակ է:
Այս մասին մտածեցի, երբ երէկ, Հայաստանի հեռատեսիլէն խօսեցան տարբեր երկիրներէ եկած երեք երիտասարդ հայ կամաւորներ, հայրենիք պաշտպանելու՝ ճակատ գացող հազարաւորներու կողքին: Չեմ գիտեր թէ անոնք կարդացա՞ծ են թէ ոչ Աւետիք Իսահակեանի տողերը: Անոնք անսացած են իրենց ծիներուն մաս կազմող բանաստեղծի կանչին, հասկցած են նաեւ, որ թիկունքը հայաշխարհն է: Անոնք կպած չէին մնացած աշխարհի այս կամ այն հրապարակին վրայ գոռացող բարձրախօսերուն:
Անդաւաճան, անհուն սիրով
Հայրենիքիդ լինես պաշտպան.
Եթէ նրա սիրոյ համար
Մի սխրալի գործ կատարես,
Չյոխորտաս, լինես խոնարհ,
Եւ իր պարտքը ճիշդ կատարած
Մարդու նման` խիղճդ անդորր,
Ապրես ուրախ եւ բախտաւոր:
Ի՜նչ իմաստութիւն, առանց խոշոր բառերու տարափի: Առանց խօսափողի:
Այսօր ռազմաճակատ կ’երթան հայրերը, որդիները եւ թոռները:
Հայրենիքը զարդարանք չէ, ան էութիւնն է ազգին: Աւետիք Իսահակեանի խօսքը խորքով պէտք է լսել: Հայրենիքի սէրը որձեւէգ չի կրնար ըլլալ: Ան համակ նուիրում է: Այդ պէտք է կարդալ գարուն-կեանքով ճակատի երիտասարդի աչքերուն մէջ: Արդէն սպիտակահեր ճակատ մեկնած հայրերու առաքինութեան մէջ: Ճակատ մեկնիլ ինքնին սխրանք է, քանի որ մեկնողը ի յառաջագունէ կ’ընդունի գերագոյն զոհողութիւնը:
Սխրա՛նք: Եւ ո՛չ յոխորտանք : Ո՛չ սեփական եւ ո՛չ այլոց սխրանքի համար: Այլ՝ գոյութենական գիտակցութեան յաղթանակ: Երաշխիք՝ «Եւ իր պարտքը ճիշդ կատարած մարդու նման» … «խիղճդ անդորր» ուրախ ապրելու համար»:
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայրենիք եկած երեք երիտասարդները, անոնք որ եկած են, անոնք որոնք պիտի գան, առանց բաւարարուելու Անդրանիկ Ծառուկեանի դիպուկ կերպով բանաձեւած «թղթէ կապարճ»ի (առանց հոգեկանի) աղմուկով, «անդաւաճան, անհուն սիրով» պաշտպան են հայրենիքի:
Հայրենապահներ:
Կրկին կարդալ Աւետիք Իսահականի պատգամը, իր թոռան, եւ անոր հետ բանաստեղծի ներշնչանքով՝ իր բոլոր թոռներուն.
Հայրենիքիդ լինես պաշտպան.
Եթէ նրա սիրոյ համար
Մի սխրալի գործ կատարես,
Չյոխորտաս, լինես խոնարհ…
Հիմա՛: Որպէս տէր՝ առաջնագիծի վրայ. Շուշի, Ստեփանակերտ, Մարտակերտ, Ֆիզուլի, աչքերը յառած մշուշի մէջէն պարզուող Մռաւ լերան, այրուող անտառներուն, Ղազանչեցոց եկեղեցիին, Գանձասարին, անցեալ պատմող Տիգրանակերտին …
Եւ վաղը՝ բռնագրաւուած լացող մայրաքաղաք Անիին…
Միշտ յիշելով Հայոց Հայրիկի պատգամը… «Անհող չմնաս»…