ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Ժընեւի մէջ ունեցած եւ շուրջ եօթ ժամ տեւած բանակցութիւններուն աւարտին, Մինսկի խմբակի համանախագահութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Մինսկի խմբակի համանախագահները դարձեալ կոչ ըրին հակամարտող կողմերուն՝ յարգելու մարդասիրական հրադադրը, հիմք ունենալով 10, 17 եւ 25 Հոկտեմբերին կատարուած համատեղ յայտարարութիւնները այդ առնչութեամբ:
Այս կոչէն անկախ, համանախագահութեան յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են գործադրել շարք մը անմիջական քայլեր: Այսպէս, ըստ յայտարարութեան, համակամարտ կողմերը համաձայնած են՝
– Դիտաւորեալ ձեւով թիրախ չդարձնել քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ոչ-ռազմական կառոյցները.
– Ռազմաճականերուն վրայ մնացած դիակներու փոխանակում կատարել, այս նպատակով Միջազգային Կարմիր Խաչին տրամադրելով ապահովութեան երաշխիքներ.
– Միջազգային Կարմիր Խաչին տրամադրել ռազմագերիներու անուանացանկը՝ զանոնք փոխանակելու համար.
– Յանձառութիւն առած են գրաւոր ներկայացնելու իրենց պատկերացումները եւ հարցերը հրադադարի ստուգման կառուցակազմի մը մասին:
Յատարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ կողմերը տեսակէտներ փոխանակած են՝ նպատակ ունենալով պարզել իրենց բանակցային դիրքերը հակամարտութեան վերջնական լուծման վերաբերող առանցքային հարցերուն շուրջ: