ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 30 Հոկտեմբերին, սովորականէն աւելի կանուխ առաւօտուն, ատրպէյճանական ուժերը յարձակումի ձեռնարկեցին քանի մը ուղղութիւններով: Նախ, հիւսիսային ուղղութեամբ, ոչ երկարատեւ հրետանային պատրաստութենէն ետք, հետեւակային ուժերով փորձեցին գրոհել քանի մը դիրքերու ուղղութեամբ: Անմիջապէս կոտորուեցան, կրեցին լուրջ կորուստներ, ետ շպրտուեցան` դաշտին մէջ թողելով զգալի թիւով դիակներ: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Ան նշեց, որ մարտերը շարունակուեցան նաեւ հարաւային ուղղութեամբ: Կեդրոնական ուղղութեամբ ընթացան երկու առանձին գործընթացներ: Առաջինը` Մարտունիի Ճարտար համայնքին ուղղութեամբ անոնք փորձեցին ռազմաճակատը ճեղքել, սակայն հայկական զինուած ուժերը տեղի չտուին։ Տուեալ պահուն դիրքային փոփոխութիւն չկայ այդ ուղղութեամբ, բայց մարտերը յամառ են: Շուշիի մերձակայ անտառային քանի մը գիւղերու ուղղութեամբ եւս մարտերը կը շարունակուին, յայտնեց Յովհաննիսեան։
Ան տեղեկացուց, որ հայկական կողմը կ՛ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային արկեր եւ միջոցներ կիրարկելու մասին տեղեկութիւնը: «Ընդհանուր առմամբ Ադրբեջանի կողմից Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, յատկապէս Շուշիում, Ստեփանակերտում, Մարտունիում, Մարտակերտում, Ասկերանում եւ այլ բնակավայրերում յանցագործութեան եւ մարդկանց դէմ արգելուած զինատեսակների կիրառութեան մասով եւս մէկ անգամ ուզում եմ նշել, որ սա պէտք է լինի աշխարհի ուշադրութեան կենտրոնում», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Օրուան սկիզբը Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուժերը Քարին Տակէն արեւելք գտնուող 1-2 գիւղերէ մաքրած են ատրպէյճանական ներթափանցողները։ Ան նշեց, որ հայկական հետախուզական ստորաբաժանումները յայտնաբերած են զինամթերքի մեծ պահեստանոց մը, որ հրետանիի կրակէն այրած է։
Խօսելով հետախուզական-ներթափանցող խումբերով յառաջանալու ատրպէյճանական մարտավարութեան մասին՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Բաց ճակատում դժուար է առաջանալը, մի քանի օր մենք տեսանք, որ ցանկացան Ֆիզուլիի ուղղութեամբ դէպի Մարտունի ճեղքել, չկարողացան, եւ ուղիղ առճակատման չեն ցանկանում գնալ. դրա համար դիմում են դիւերսիոն ներթափանցման գործողութիւնների` փորձելով շրջանցելով փոքր խմբերով առաջանալ: Դրանում կայ ինչպէս քաղաքական PR-ի, այնպէս էլ ռազմական նշանակութիւն: Ռազմականը խուճապ տարածելու ու կապուղի կտրելու նպատակ ունի, իսկ քաղաքականը` Ալիեւը ձգտում է դրօշ դնել հերթական բնակավայրի վրայ` PR-ի համար»:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ ամբողջ գիշերուան ընթացքին շարունակուած են հակառակորդի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած են մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերքներ եւ մարդկային ուժեր: «Կէսգիշերից յետոյ հակառակորդի ուժերը փորձել են նոր յարձակում ձեռնարկել հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ, որը կասեցուել է բանակային ստորաբաժանումների կողմից: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր են ձեռնարկել նաեւ ճակատային գծի հիւսիսային հատուածում, որը նոյնպէս կասեցուել է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրել են լուրջ կորուստնէր: Թշնամական խմբաւորումների յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները շարունակւում են», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ արցախեան-ատրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ 7-8 ժամկէտային զինուորական ծառայողներ իրենց սպաներուն հետ շուրջ 3 ժամ տեւած յամառ մարտերէ ետք կրցան փախուստի մատնել թշնամիի 100 անդամ ունեցող յարձակող խումբը՝ իրենց ետին ձգելով իրենց զէնքերը եւ զինամթերքը։
Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին՝ ատրպէյճանական բանակի զինուորական ծառայողները, կրելով մարդուժի մեծ կորուստներ՝ խուճապահար փախուստ տուած են Արցախի Բերձոր քաղաքին ուղղութեամբ ճշդած իրենց դիրքերէն։
Երեկոյեան, Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ռմբակոծեցին Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղը, ուր կան հետեւանքներ։