
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիայեն ու Լիպիայէն բերուած Արցախի դէմ կռուող վարձկան ահաբեկիչներու դէպի Ռուսիա «արտահոսք»ին հաւանականութեան նկատմամբ:
«Բացառել այդպիսի վտանգ, անկասկած, անկարելի է», «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով:
«Ռուսական իրաւապահ մարմինները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրավիճակին, եւ, ինչպէս կ՛ըսեն, «ձեռքը զարկերակին վրայ կը պահէ»», եզրափակեց ան:
Նաեւ, Ռուսասիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլա Փաթրուշեւ զգուշացուց, որ երկրին տարածքին իսլամ ծայրայեղականներու գործունէութիւնը կ՛աշխուժանայ։