Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբերին, թեմի նորընտիր Կրօնական ժողովը Ազգային առաջնորդարանին մէջ իր անդրանիկ նիստը գումարեց։
Նախքան ժողովական օրակարգին անցնիլը, հոգեւոր հայրերը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Արցախի նահատակներու արի հոգւոց խաղաղութեան ի հանգիստ, հայոց բանակի հզօրացման, Հայաստանի անվտանգութեան ու հայ ժողովուրդի անսասանութեան համար։
Ազգային Երեսփոխանական 48րդ Ժողովին կողմէ ընտրուելէ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ վաւերացուելէ ետք, Կրօնական ժողովը առաջին նիստին ընտրեց իր դիւանը՝ հետեւեալ կազմով. ատենապետ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, փոխատենապետ՝ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, ատենադպիր՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, խորհրդականներ՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Շուրջ 3 ժամ տեւած ժողովին ընթացքին, ժողովական հայրերը նախնական ծրագրումը կատարեցին կրօնական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան վերբերող քայլերուն շուրջ։ Շեշտը դրուեցաւ երիտասարդներու ու մանուկներու յատուկ լսարաններ կազմակերպելուն, հոգեւոր սպասաւորներ պատրաստելուն, ծիսական կեանքը վերաշխուժացնալուն, ինչպէս նաեւ Ս. Գրոց սերտողութիւններուն նոր թափ տալուն ու կրօնական դաստիարակութեան առջեւ նոր հորիզոններ բանալուն վրայ։
Կրօնական Ժողովը երկշաբաթեայ դրութեամբ պիտի շարունակէ իր ժողովները գումարել Ազգային առաջնորդարանին մէջ։