ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» լրատուամիջոցի տնօրէն Ճորճ Չիքս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանին յղուած նամակով մը տեղեկացուց, թէ արդէն գործէ արձակուած են կայանին երկու պաշտօնեաները, որոնք լրատուամիջոցէն աւելի արդար լրտուութիւն պահանջող հայ ցուցարարներուն նկատմամբ վիրաւորական խօսքեր արտասանած էին Երկուշաբթի օր։
Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ «յուսամ կը մեռնիս (ք) եւ ձեր երկիրը կը պայթի» պոռացած էր։
Չիքս նաեւ հայ համայնքէն ներողութիւն խնդրեց այս տգեղ խօսքերուն համար։