ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ կասեցուած «Քաթիպա Թաուհիտ ուալ Ճիհատ» միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան համակարգումը իրականացուած է Սուրիոյ տարածքէն, կը նշուի Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան 15 Հոկտեմբերին տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամները Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի երկիրներէն։ Անոնք կը ծրագրէին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ, կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: Անոնց թիրախներն էին՝ պետական եւ բանակային շէնքեր, «Մայր Հայրենիք» յուշարձանը եւ շարք մը այլ ձեռնարկութիւններ:
Ձերբակալութեան ընթացքին խմբակին պարագլուխը եւ անոր յանցակիցը ցոյց տուած են զինեալ դիմադրութիւն, որուն հետեւանքով «չէզոքացուած են»: Գրաւուած են հրազէն, ռազմամթերք, քիմիական բաղադրիչներ, կրօնական բնոյթի գրականութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքին քարտէսը, որուն վրայ նշուած են ահաբեկչական գործողութիւններու վայրերը:
Կասկածելիներուն այլ զինակիցներ ձերբակալուած են Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ այլ քաղաքներու մէջ: