ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀԵԴին եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին՝ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, աւելի քան 5000 հայորդիներ ցոյց կատարեցին Սան Ֆրանսիսքոյի աշխարահռչակ Ոսկեայ անցք կամուրջին վրայ՝ դատապարտելով Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած նորագոյն յարձակումները։
Ցուցարարները ամերիկեան իշխանութիւններէն պահանջեցին անմիջական քայլերու դիմել՝ կասեցնելու համար Պաքուի եւ Անգարայի պատերազմական ոճիրները եւ պատասխանատուութեան կանչել զանոնք։
Ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ Լոս Անճելըսէն, Սաքրամենթոյէն եւ Ֆրեզնոյէն ժամանած հայեր։