ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն»․- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիներու պաշտպանութեան պէտք է նախապատուութիւն տրուի, յայտարարեց մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Միջազգային Ներում (Amnesty International) միջազգային կազմակերպութիւնը, տարածաշրջանին մէջ «քասեթային» արգիլուած ռումբեր կիրառելու մասին տեղեկություններ ստանալէն ետք:
Արդարեւ, կազմակերպութեան ճգնաժամային արձագանգման փորձագետները 6 Հոկտեմբերին յաջողեցան Ստեփանակերտի բնակելի հատուածներուն մէջ յայտնաբերել իսրայէլեան M095 DPICM տեսակի զինամթերքներ, որոնք, ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն, արձակուած են ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ:
«Քասթերային ռումբերու օգտագործումը արգիլուած է միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեամբ եւ քաղաքացիական բնակավայրերու դէմ անոնց կիրառումը յատկապէս վտանգաւոր է», ըսաւ կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ պետի պաշտօնակատար Տենիս Քրիվոշեւ: