ՄԱԿ, «Հայրենիք».- Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի հայ համայնքներու բազմաթիւ անդամներ ցոյց կատարեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մերձակայքը գտնուող «Տակ Համարշոլտ» հրապարակին վրայ՝ զօրակցելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմագրաւէ ատրպէյճանաթրքական ռազմական յարձակումը:
Առաւել քան երեք հարիւր ցուցարարներ մասնակցեցան այս հաւաքին: Ներկայ էին նաեւ երկու առաջնորդները՝ Դանիէլ եպս. Ֆընտըքեան (Էջմիածնական թեմ) եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ)՝ իրենց կողքին ունենալով շրջանէն հովիւներ:
Տէրունական աղօթքէն ետք, անոնք խօսք առնելով՝ կոչ ուղղեցին յաւելեալ միասնականութեամբ դիմադրելու այս վճռական ճակատամարտը՝ շեշտելով, թէ Արցախի մէջ մեր հարազատները ենթարկուեցան պատերազմական ահաւոր յարձակումի, շղթայազերծուած Ատրպէյճանի կողմէ՝ Անգարայի զօրակցութեամբ: Անոնք շեշտեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակները ամբողջական սիրտով կ՛աջակցին Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մաղթելով շուտափոյթ խաղաղութիւն, որպէսզի շրջանային բարգաւաճումը ընթացք առնէ իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ:
Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւներուն դրօշակներով եւ պաստառներով՝ երիտասարդներ հետեւողական կերպով եւ բարձրաձայն բացագանչեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ: