ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովին նախագահող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 8 Սեպտեմբերին մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի` «ՄԱԿի եւ տարածաշրջանային եւ ենթատարածաշրջանային կազմակերպութիւններ. Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան դերը» խորագիրով բաց քննարկման: Լուրը հաղորդեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց նաեւ քննարկումը նախաձեռնած Նիճերի դերը, որուն մայրաքաղաք Նիամէի մէջ 1970ին ծնունդ առաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ մշակութային եւ արհեսագիտական համագործակցութեան գործակալութիւն՝ այնուհետեւ հիմք հանդիսանալով այս տարի իր 5րդ տասնամեակը նշող Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ձեւաւորման: «Իր հիմնումից 50 տարի անց Ֆրանկոֆոնիան հանդէս է գալիս որպէս բազմակողմ համագործակցութեան կարեւոր հարթակ, որը միաւորուած է ֆրանսերէն լեզուի եւ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների հանդէպ յարգանքի եւ կանանց ու տղամարդկանց իրաւահաւասարութեան հիմնարար արժէքների շուրջ:
«Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան եւ Ֆրանկոֆոնիայի միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են ընդհանուր արժէքներ կրող բազմաթիւ դերակատարների վրայ, որոնց միաւորում է խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատելու ընդհանուր ցանկութիւնը, ահաբեկչութեան աղէտի դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների կանխարգելման վճռականութիւնը:
Այն յենւում է նաեւ կայուն զարգացման նպատակներին հասնելու ամուր եւ անսասան յանձնառութեան վրայ», ըսաւ Մնացականեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց նման քննարկումի մը կազմակերպումը արդի համաշխարհային առողջապահական, մարդասիրական եւ տնտեսական լուրջ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, որոնք կը սպառնան հասարակութեան համախմբուածութեան՝ ինչպէս նաեւ ընդգծելով միջազգային համագործակցութեան եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։
Զօհրապ Մնացականեան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի շրջագիծին մէջ կազմակերպուող վերոնշեալ քննարկումը բնորոշեց իբրեւ գործելու իւրայատուկ կոչ, համընդհանուր տոկունութեան եւ հաւաքական կարողութիւններու փորձութիւն:
«Այս ժամանակահատուածում, երբ ճգնաժամի բացասական հետեւանքներն աւելի ծանր են զարգացող երկրների եւ բնակչութեան առաւել խոցելի շերտերի համար, ՄԱԿը եւ Ֆրանկոֆոնիան պէտք է վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը` խթանելու խաղաղութիւն ու համագործակցութիւն, համերաշխութիւն եւ միասին ապրելու արժէքները․ սա մարտահրաւէր է երկու կազմակերպութիւնների համար, եւ մենք պարտաւոր ենք գործել առաւել արդիւնաւէտ գլոբալ կառավարման ուղղութեամբ:
«Այս կապակցութեամբ մենք վճռականօրէն սատարեցինք ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի` գլոբալ զինադադարի վերաբերեալ կոչը, ինչպէս նաեւ Մակ-ի Անվտանգութեան խորհրդի համապատասխան բանաձեւը` վերահաստատելով, որ հակամարտութիւնների կարգաւորման գործընթացում ուժի եւ ուժի սպառնալիքը տեղ չունեն:
«Մենք նաեւ մտահոգուած ենք ատելութեան խօսքի աճով, ինչը յատկապէս դրսեւորուեց առողջապահական այս ճգնաժամի շրջանում: Այսօր, առաւել քան երբեւէ, կարեւոր է ընդգծել մեր յանձնառութիւնը հանդուրժողականութեանը, մարդու իրաւունքների նկատմամբ յարգանքիը եւ մշակութային բազմազանութեան արժէքներին: Չնայած բազմակողմ համակարգի հսկայական ջանքերին` մենք շարունակում ենք առերեսուել զինուած բախումների, ապակայունացնող ռազմական սրացումների եւ քաղաքական բարձրագոյն մակարդակով ատելութեան խօսքի դրսեւորումների, այդ թւում` մեր անմիջական հարեւանութեամբ», ըսաւ Մնացականեան:
Այդ առնչութեամբ նախարար Մնացականեան ընդգծեց Երեւանի վեհաժողովի խորհուրդին կարեւորութիւնը` նուիրուած «Միասին ապրելու» արժէքներու խթանման եւ կազմակերպութեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովին կոչը՝ «Ապրիլ միասին»ը, որ կ՛ամրագրէ ֆրանսախօս տարածքին մէջ «Միասին ապրելու» գաղափարախօսութիւնը սահմանող խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ ամբողջական մարդկային արժէքները կը հանդիսանան համընդհանուր բարիք, հարստութիւն եւ անհրաժեշտ է զանոնք ամէն գնով պահպանել: Նախարարը աւելցուց, որ ասիկա ակնյայտօրէն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջեւ համագործակցութեան կարեւոր հարթութիւն է, որուն շուրջ մեր տեսլականները եւ նպատակները կը միաձուլուին:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան խթանման՝ յայտնելով, որ համոզուած է, թէ այդ քննարկման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին միացեալ ջանքերուն շնորհիւմ այդ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի՝ բանալով համագործակցութեան խոստմնալից նոր հեռանկարներ։