ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Արցախի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։
Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի ուսանողներու եւ դասախօսներու հետ հանդիպման ընթացքին, Լաւրով տեղեկացուց, որ կապ պահած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ ըսաելով. «Մենք այնպէս կը զգանք, որ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են, որ իրավիճակը հանդարտի եւ վերսկսին հանդիպումները, զորս ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու ներկայացուցիչները կը կազմակերպեն»։
Լաւրով համոզուած է, որ անցեալ ամսուան բախումներէն ետք երկու կողմերն ալ կողմնակից են համանախագահներու տարածաշրջանային այցելութիւններու վերսկսման։՝ աւելցնելով. «Մեր գիծը կը յենի 18 տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած փաստաթուղթերու վրայ։ Կան այսպէս կոչուած՝ Մատրիտեան սկզբունքներ եւ կան փաստաթուղթերու թարմացեալ տարբերակներ։ Հիմա մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս լճացման ներկայ պայմաններուն մէջ կը լսուին ձայներ, թէ պէտք է հրաժարիլ այդ փաստաթուղթերէն եւ պէտք է սկսիլ մաքուր էջէ կամ կը խօսուի այլ ծրագիր մը գործողութեան դնելու մասին։ Մենք կը կարծենք, որ այդ մեծ սխալ մըն է․ վստահ ենք, որ վերջին տարիներուն կատարուածը պէտք է ծառայէ իբրեւ հիմք՝ մեր ապագայ աշխատանքներուն։ Ես չեմ բարձրաձայներ, թէ սկզբնական ի՛նչ համաձայնութիւններ կան, բայց կրնամ վստահեցնել, թէ այնտեղ կան հանգուցալուծումներ, որոնք արդարութիւն կ՛ապահովեն թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ հայկական կողմին համար»։