ԵՐԵՒԱՆ.-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբի հերթական նիստը:
Քննարկելով «Քորոնա» համավարակին իբրեւ արդինք երկրին մէջ ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, անգործութեան եւ աղքատութեան յարաճուն աճը, աշխատանքային խումբը որոշեց մշակել արտակարգ դրութեան իրաւական կացութեան խախտման պատճառով կիրարկուած տուգանքները չեղարկելու (համաներելու) մասին նախագիծ:
Յառաջիկային նշեալ նախագիծը Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի։
Աշխատանքային խումբը նոյն ժամանակ որոշում տուաւ դատական կարգով վիճարկել դիմակ չկրելու համար կիրարկուող անհիմն տուգանքները եւ միջնորդել դատարանին՝ կասեցնելու Պարէտի համապատասխան որոշումը:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնատար անձերու յանցագործութեան մասին քրէական գործի յարուցումը մերժելու վերաբերեալ բողոքը, աշխատանքային խումբը որոշեց դիմել դատարան՝ պարտաւորեցնելով յարուցել քրէական գործ: