ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Էրֆլոթ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի շաբաթական 2 թռիչքներ իրականացնել Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն՝ ամէն Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը:
«Զուարթնոց» օդակայանը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ փոխանցեց անհրաժեշտ կանոնները։
Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանէն Մոսկուայի «Շերեմետեւօ» օդակայան Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը իրականացուելիք թռիչքներուն տոմսերը կրնան ձեռք բերել միայն այն քաղաքացիները, որոնք «Շերեմետեւօ» օդակայանէն, իբրեւ տարանցիկ օդակայան, կը շարունակեն իրենց թռիչքները դէպի Լոս Անճելըս, Շանհայ եւ եւրոպական երկիրներ։
««Զուարթնոց» օդանակայանը գրառմամբ խնդրում է նկատի ունենալ, որ «Շերեմետեւօ» օդանաւակայանով տարանցիկ երկիր ճանապարհորդելիս ուղեւորները պէտք է ունենան ՊՇՌ (Փի. Սի. Ար. Խմբ.) հետազօտութեան տեղեկանք (անգլերէն կամ ռուսերէն): Հետազօտութիւնը պէտք է արուած լինի մեկնելուց ոչ աւելի վաղ, քան 72 ժամ առաջ: Ուղեւորը պէտք է ուսումնասիրի նաեւ մեկնման երկրի մուտքի կանոնները եւ իր մօտ ունենայ բոլոր անհրաժեշտ փաստաթղթերը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: