Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տաղաւարը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշուի Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի եւս, հակառակ համաճարակի պայմաններուն, Սահակ Բ. պատրիարքին տնօրինութեամբ՝ կազմակերպուեցաւ հովուապետական անդրանիկ այցելութիւն եւ 16 Օգոստոսին Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ պատրիարքին։ Պատարագը մատոյց Հաթայի շրջակայից հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Համաճարակին պատճառաւ, այս տարի հեռաւոր վայրերէ ուխտաւորներ չէին ժամանած, կային միայն Հաթայ նահանգի զանազան շրջաններէն հայորդիներ, ինչպէս նաեւ Ատանայէն եւ Մերսինէն արենակիցներ։ Ասով հանդերձ լեցուն էին փոքրիկ աղօթատունը եւ բակը։
«Անատոլուի հայկական մշակոյթը կը ջանանք վառ պահել մեր երկրի միակ հայ գիւղին՝ Վագըֆի մէջ։ Այս գողտրիկ գիւղէն տարածուած խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամը կը մաղթեմ որ տարածուի ամբողջ երկրին ու աշխարհի տարածքին», իր քարոզին մէջ ըսաւ պատրիարքը։
Գրեթէ բոլոր ներկաները Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։
Պատարագի աւարտին կատարուեցան Խաղողօրհնէքի եւ աւանդական հերիսայաի օրհնէքի արարողութիւնները։ Հանգստեան աղօթքով յիշուեցան Մուսա Լերան գիւղերու համայն հանգուցեալները։
Ապա ներկաները ստացան մինչեւ առտու եփած հերիսայէն իրենց բաժինները։
Եկեղեցական հանդիսութիւններուն աւարտին, տեղւոյն սրահին մէջ պատրիարքին այցելեցին Սամանտաղի գաւառապետը, Իսլահիյէի քաղաքապետը եւ Սամանտաղի զինուորական հրամանատարը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին դէպի Մուսա Լեռ կատարած անոր հովուապետական այցելութեան համար։