ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմաննոցը աւերած են:
Նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճանի կողմէ հիմնադրուած «Ժողովրդավարութիւն եւ յառաջընթաց» կուսակցութեան փոխնախագահ Մուսթաֆա Եէներօղլու այս հարցին առիթով դիմեց Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշին:
Ան յայտնեց, որ գերեզմաննոցին մէջ աճիւնները դուրս հանուած են գերեզմաններէն եւ ամէնուր ցրուած են մարդկային ոսկորներ:
Եէներօղլու շեշտեց, որ ասիկա ամօթալի վիճակ է եւ պէտք է անմիջապէս աճիւնները վերաթաղել եւ կարգի բերել գերեզմաննոցը:
Անգարայի քաղաքապետը խոստացած է հարցը հետապնել: